Բոլոր պատերազմներուն մէջ ալ պատերազմող կողմերը դաշնակիցներ կ’ունենան, որոնք եթէ չօգնեն իսկ իրողապէս, գոնէ չեն խոչընդոտեր պատերազմական գործողութիւնները, այդպիսով բարձրացնելով պատերազմը շահելու հաւանականութեան տոկոսը:
Այլ ճշմարտութիւն մըն է ժողովրդային այն խօսքը որ կ’ըսէ՝ թշնամիիս թշնամին բարեկամս է, որմէ կը հետեւցնենք, թէ նոյն բռնատէրը ունեցող կամ ունեցած ազգերը եւ ժողովուրդները պէտք է իրարու դաշնակից ըլլան, կամ գոնէ իրարու օգնեն:
Սակայն իրողութիւնը յաճախ այդպէս չէ, ինչպէս օրինակ հայերուն, յոյներուն եւ արաբներուն պարագան, որոնք դարերու ընթացքին նոյն բըռնատէրը ունեցեր են՝ թուրքը, օսմանցի թուրքը:
Ճի՛շդ այս նիւթը արծարծող յօդուած մը լոյս տեսած է եգիպտական «Ալ Մասրի Ալեոմ»  (Եգիպտացին Այսօր) օրաթերթին 7 Հոկտեմբեր 2023-ի թիւին մէջ, Ուսամա Ղարիպի գրիչով եւ խորագրուած «Կը Բաւէ Որ Իսլա՞մ Են»:
Ոչ միայն հետաքրքրական յօդուած մըն է, այլ նաեւ քաջութեամբ գրուած, որովհետեւ յստակօրէն կ’ըսէ միտք բանին:
Թարգմանաբար կու տանք այստեղ.
«Օսմանեան պետութիւնը «արդարօրէն» եւ նոյն չափով կը բաժնէր բրտութիւնն ու անարդարութիւնը իր սահմաններէն ներս: Կը նշմարենք Հայաստանի, Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Սերպիոյ եւ Կիպրոսի նման երկիրներ, որոնք Օսմանեան կայսրութեան լուծին տակ ինկած են: Այս երկիրներուն պատմութիւնն ու ժողովրդային աւանդութիւնները լեցուն են բռնատիրութեան պատումներով: Ժողովուրդը  այդ ժամանակաշրջանները կը յիշէ որպէս սեւ զուլումի տարիներ, երբ կեանքի դառնութիւնն ու ապրուստի դժուարութիւնը ճաշակած է ցմրուր:
Այս բոլորը կարելի է գտնել այդ ժողովուրդներուն գրականութեան եւ արուեստներուն,  նաեւ՝ վարած քաղաքականութեան մէջ:
Ասոր ամէնէն ցայտուն օրինակը դարերու թշնամանքն է հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ, որովհետեւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին թուրքերը համայնական ջարդերու ենթարկած են հայերը:
Թուրքերուն հանդէպ նոյն կեցուածքը կը նկատենք մինչեւ այսօր յոյներուն եւ կիպրացիներուն կողմէ, անկախ այդ երկիրներուն պետական դրուածքէն:
Այսքանը հասկնալի է, որովհետեւ կան դառնութիւններ, որոնք սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին. նոյնիսկ երբ դառնութեան սկզբնաղբիւրը անհետանայ, սերունդներուն մէջ կը գոյաւորուին որոշ զգացումներ, կեցուածքներ եւ համոզումներ:
Անհասկնալին եւ անբնականը կեցուածքն է Միջին Արեւելքի արաբներուն եւ իսլամներուն, որոնք նոյն բռնութիւնները ապրեր են Օսմանեան պետութեան տիրապետութեան ընթացքին շատ աւելի, քան եւրոպացիները, որոնք դաշնակիցներ ունէին Ռուսիոյ թէ արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, որոնք կը ստիպէին, որ օսմանցիները նուազագոյնի իջեցնեն իրենց բռնութիւնները:
Իսլամներուն հանդէպ օսմանցիները չէին վարաներ գործադրելու նոյն գործելակերպը՝ կողոպտել, մտրակ օգտագործել, նոյնիսկ ցիցահան ընել անոնք, որոնք իրենց չէին ենթարկուեր:
Հակառակ ասոր, մեր երկիրներուն մէջ տասնեակ միլիոններ կը հաշուեն անոնք, որոնք կողմնակից են Օսմանեան խալիֆայական նոր պետութեան մը եւ կը ցանկան որ Էրտողան կարենայ վերակազմել Օսմանեան կայսրութիւնը, երազելով անոր հպատակները ըլլալ, մոռցած այն ահաւոր հինգ դարերը, որոնց ընթացքին համատարած էին աղքատութիւնն ու տգիտութիւնը: Եւ պատկերացնել, որ մինչեւ ֆրանսացիներուն մուտքը՝ 1798 թուականին, տակաւին մամուլ չկար այս երկրին մէջ:
Ոչ մէկ պատճառ կայ այս մազոխական կեցուածքին, բացի օսմանցիներուն իսլամ ըլլալէն: Մեր երկրին մէջ ժողովուրդը սիրով  իր թեւերը կը բանայ վատ եւ անարդար տիրապետողին, եթէ իսլամ ըլլայ ան:
Այս է պատճառը, որ հայերը կը շարունակեն տարուէ տարի յիշել իրենց ջարդը, մինչ արաբներէն ոչ ոք կը խօսի Սէլիմ Ա.-ի Գահիրէի ժողովուրդին տուած ջարդին մասին,  երբ քաղաքին նուաճումին առաջին օրն իսկ ջարդել տուած է քաղաքացիներէն տասը հազար մարդ, որպէսզի ահ տարածուի երկրին մէջ:
Կրօնականները մեծ դեր ունին անշուշտ տարածելու այս կեցուածքը, որ ներողամիտ է ներխուժողներուն հանդէպ, մոռացութեան կու տայ անոնց ոճիրները, նոյնիսկ կը խրատէ ժողովուրդը որ հպատակի այդ բռնատէրերուն, պարզապէս որովհետեւ իսլամ են անոնք:
Այսօր մեզմէ շատեր հրճուանքով կը խօսին Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի տարած յաղթանակին մասին. նոյն կեցուածքը ունին Քոսովոյի իսլամ ալպաններուն համար, մոռցած որ Քոսովոն ընդունած է Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք, իսկ Ատրպէյճանը վաղուց ի վեր կը գործակցի եբրայական պետութեան հետ»:
Անցնող շաբաթը լեցուն էր ծանր միջադէպերով, որոնք ցնցեցին Միջին Արեւելքի երկիրները հաւանական ընդհանուր պատերազմի մը հեռանկարով, երբ այս շրջանը արդէն աւելի քան տասնամեակ մըն է, որ կը տառապի եւ կը հիւծի իր վրայ գործադրուած եւ կարծես պարտադրուած պատերազմներէն:
Վերջացնեմ հեքիաթանման պատումով մը:
Ծեր հրեայ մեծահարուստ մը, հոգեվարքի անկողնին վրայ կը կանչէ իր երեք մանչերը եւ անոնց կը բաժնէ իր ունեցուածքը: Մինչ այդ դուրսէն լաց ու կոծի ձայներ կը լսուին:
– Ի՞նչ կայ դուրսը,- կը հարցնէ ծեր հրեան:
– Թուրքերը հայեր կը ջարդեն,- կ’ըսէ մեծ մանչը:
– Հայերուն տէր եղէ՛ք,- կ’ըսէ ծերունի հրեան,- որովհետեւ հայերէն ետք կարգը մեզի պիտի գայ:
Չէ ըսած թէ ո՞վ պիտի ջարդէ զիրենք: Այդ չէ՛ հարցը, այլ ջարդուիլը ինք:
Բայց ի՞նչ կ’ըսեմ, եղածը հեքիաթանման պատում մըն է միայն:
Մարուշ Երամեան