Համայն աշխարհի հայերը կը ցաւին Արցախի դէմ իրագործուած անմարդկային վայրագութիւնները, յարձակումները տեսնելով:
Դպրոցէն վերադարձիս,երբ դիմատետրը բացի, զանազան տխուր լուրեր կարդացի: Անոնցմէ մէկն էր Արցախի բնակչութեան տեղահանումը, որ կը յիշեցնէր 1915-ի գաղթի ճամբան, որ դարձաւ հայուն ճակատագիրը: Ոչ մէկ բան փոխուեցաւ, դարը մէկ ցաւ, դարը մէկ գաղթի ճամբայ բռնեց հայը:
Փոքրիկներուն ռմբակոծուած, վիրաւորուած նկարները փշաքաղեցին զիս: Ոմանք զոհուեցան, ոմանք ալ նոր աշխարհ եկան: Տեսայ վիրաւոր մայր մը, որ իր զաւակը կոչեց Մոնթէ: Մեր յոյսը ոչ մէկ թշնամի կրնայ կոտրել, քանի հայը կ’ապրի, յոյսը միշտ կ’ապրի: Կը հաւատանք, որ մեր նահատակներուն արիւնը գետին պիտի չմնայ: Պիտի ծնին Յարութներ, Յակոբներ,Մոսիկներ, Բեկորներ եւ Կարօտներ ու մեր պայքարը պիտի շարունակուի: Մենք որպէս պատանիներ կը խոստանանք սորվիլ, աշխատիլ ու մեր հայրենիքը սիրել ու լաւապէս ճանչնալ, մինչեւ որ օրը գայ ու Խրիմեան Հայրիկին երկաթէ շերեփին տիրանանք:
Խրիմեան Հայրիկը «Պապկէ պսակի դաշտ» պատմուածքին մէջ կը թելադրէ իր թոռնիկին հողը սիրել: Որպէս հայ պատանիներ, մենք ալ պարտական ենք մեր հողին: Մեր պահանջատիրութեան ոգին պիտի չխամրի, մինչեւ արդարութեան հաստատումը՝ մեր զինուորներուն ուժով:
Դիմատետրի վրայ տեսայ, թէ երբ Արցախի փոքրիկներուն կը հարցնէին. «Երեխէ՛ք, եթէ կախարդական փայտիկ ունենայիք, ի՞նչ կ’անէիք», անոնք կը պատասխանէին , որ կ’ուզէին որ բոլորը ապրին երջանիկ ու զիրար սիրեն:
«Որ մեծանաք, ծառայելո՞ւ էք», կը հարցնէին: «Հապա ի՞նչ ենք անելու: Բա որ մենք չծառայենք, ո՞վ ա ծառայելու: Ապագայ զինուորներ ենք», կը պատասխանէին:
Եւ վերջապէս կը խնդրեմ, որ բոլորս մէկ կողմ դնենք մեր տարակարծութիւնները եւ օգնենք արցախցիներուն այս դժուար օրերուն:
Սելա Աստարճեան