Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան քաղաքացիներուն հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց.«Մենք բոլորս ալ շատ դժուար վիճակի մէջ ենք, ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ ենք, հիմա ինչ որ կը կատարուի այստեղ, աւելի կը ծանրացնէ մեր վիճակը։ Ես կ’ուզեմ բոլորդ վստահեցնել՝ այստեղ ես թշնամի չունիմ, մեր թշնամին մէկ է։ Ես պատասխանատու եմ իմ բոլոր քայլերուն համար՝ ձեր ու ձեր ընտանիքներուն առջեւ։ Մենք հայրենիք մը եւս ունինք, ատիկա ՀՀ-ն է, ու մենք ՀՀ-ի ճակատագիրը վտանգելու իրաւունք չունինք։ Պատրաստ եմ հանդիպիլ բոլորիդ հետ քննարկելու այն հարցերը, որոնց համար դուք զիս կը մեղադրէք, ինչ հարցեր որ կ’ուղղէք»։

Արցախցիներէն մէկը հարցում ուղղեց, թէ ինչու Արցախի Ազգային Ժողովը նիստի չի հրաւիրեր՝ Արցախի լուծարման որոշումը բեկանելու համար, որուն ի պատասխան Սամուէլ Շահրամանեան ըսաւ, որ Արցախի Հանրապետութիւնը չէ լուծարուած։

«Մարդ կա՞յ, որ տեսած է այդ փաստաթուղթը, ծանօ՞թ էք այդ փաստաթուղթին։ Այդ փաստաթուղթին առնչուող ահագին հարցեր կան, զորս ես այստեղ չեմ կրնար ըսել։ Ես ձեզ կը վստահեցնեմ, որ տեղեակ ենք այս փաստաթուղթին ե՛ւ դրական, ե՛ւ բացասական կողմերուն։ Ոչ մէկ փաստաթուղթով կրնայ լուծարուիլ ժողովուրդին կողմէն ստեղծուած հանրապետութիւնը։ Ասոր պատասխանը կու տամ հանրային ձեւով՝ Հ1-ի տաղաւարին մէջ», ըսաւ ան։

Շահրամանեան աւելցուց, որ ոչ մէկուն մօտ պէտք է կասկած յառաջանայ․ «Եթէ իմանայինք, որ կրնանք յաղթել այդ զինուորական գործողութիւններուն, մենք մինչեւ վերջ կռուելէ չէինք կանգներ։ Մենք խնայած ենք մեր տղաքը, քաղաքացիական բնակչութեան կեանքը, եթէ ժամ մը առաջ չկանգնեցնէինք պատերազմը, կը մտնէին քաղաք, կին, երեխայ կը մորթէին»։