Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը 24 Հոկտեմբերին հեռաձայնային զրոյց ունեցած են եւ հաստատած 2020-2022 թուականներուն ամենաբարձր մակարդակով եռակողմ համաձայնագրերու հիման վրայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերու յաւելման անհրաժեշտութիւնը։
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն յայտնած են, որ արտաքին յարաբերութիւններու գերատեսչութիւններու ղեկավարները նաեւ քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Անոնք բարձր գնահատած են 23 Հոկտեմբերին Թեհրանի մէջ կայացած արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով «3+3» խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակի հանդիպումին արդիւնքները եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են շարունակելու հետագայ գործուն աշխատանքը՝ այդ ձեւաչափը խթանելու համար։