«ԻւՆԻՍԷՖ» յայտարարեց, որ Կազզայի դէմ իսրայէլեան գրոհին 4-րդ շաբաթը, Կազզա հազարաւոր պաղեստինցի փոքրիկներու գերեզմանատունը դարձաւ։

ԻւՆԻՍԷՖ-ի բանբեր Ճէյմս Էլտըր Ժընեւի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Կազզա դժոխք դարձած է բոլորին համար։ Կազզայի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն առաջին օրէն իսկ ԻւՆԻՍԷՖ յայտարարեց, որ ռազմական գործողութիւնները անմիջապէս պէտք է դադրին եւ մարդասիրական օգնութիւնները պէտք է հասանելի դառնան պաղեստինեան ժողովուրդին, շեշտելով, որ ինչպէս շատեր նոյնպէս ալ ԻւՆԻՍԷՖ կոչ կ՚ուղղէ անմիջապէս դադրեցնելու փոքրերու սպանութիւնը ։

Ան աւելցուց, որ նահատակներուն թիւերը սարսափելի են եւ ներկայ տուեալներուն համաձայն Կազզայի մէջ աւելի քան 3450 փոքրիկ զոհուած է։ Այս թիւը օր ըստ օրէ կը բարձրանայ։