Ազգային Ժողովի մէջ Հայաքուէի նախագիծին շուրջ կազմակերպուած լսումներու աւարտին, «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան հետեւեալ դիտարկումները ըրաւ.
«Հիմնաւորուեցաւ՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը նսեմացնող թէզը եւ, յատկապէս, հիմնաւորուեցաւ Արցախի ինքնորոշման գաղափարի շարունակական դարձնելը: Պէտք է հաստատենք, որ ինքնորոշման իրաւունքը պէտք է շարունակական դարձնել, Արցախի էջը փակ չէ, տակաւին աւելին՝ Ատրպէյճանի յանցաւոր քաղաքականութեան հետեւանքով հակամարտութիւնը աւելի խորացած է եւ Ատրպէյճան միջազգային հարթակներու վրայ պէտք է պատասխան տայ ցեղային զտման եւ ցեղասպանութեան համար», ըսաւ Սէյրան Օհանեան:
Անոր համոզումով, Արցախի առարկայականութիւնը պէտք է պահպանուի՝ բոլոր հիմնարկներով:
«Յետխորհրդային այս տարիներու ընթացքին Արցախը իր պետական հիմնարկներով եղած է օրինակելի՝ ժողովրդավարական հիմունքներ, օրինականութիւն, անվտանգութեան ապահովում, Արցախը սահմանապահ եղած է Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին համար»: