Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց վարչական հրամանագիր մը, որուն համաձայն 1 Փետրուար 2024-ին զօրացրւումի կ՚ենթարկուին պահեստային ծառայութեան կոչուած սպաները, որոնք մինչեւ 31 Յունուար 2024 կը բոլորեն աւելի քան մէկ տարուան զինուորական պահեստային ծառայութիւն։

Հրամանագիրին համաձայն, 1 Փետրուար 2024-ին կը զօրացրուըուին նաեւ պահեստային ծառայութեան կոչուած աստիճանաւոր սպաները եւ զինուորները, որոնք մինչեւ 31 Յունուար 2024 կը բոլորեն աւելի քան 6 տարուան զինուորական պահեստային ծառայութիւն։