Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի զինադադարի վերահսկման «UNTSO» պատգամաւորութեան նախագահ Փաթրիք Կոշաթին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ։

Հանդիպումին ընթացքին նախարար Մըքտատ շեշտեց, որ «UNTSO»-ն պէտք է իրականութիւնները Անվտանգութեան Խորհուրդին փոխանցելու իր առաքելութիւնը կատարէ, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով զինադադարի որոշումը խախտող իսրայէլեան յարձակումները, որոնք ամբողջ տարածաշրջանին անվտանգութեան ու խաղաղութեան կը սպառնան։

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան Կազզայի վերջին զարգացումներուն շուրջ։ Նախարար Մըքտատ շեշտեց, որ Կազզայի ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան ոճիրները պէտք է անմիջապէս դադրին։

Իր կարգին Կոշաթ անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի պատուիրակութեան նկատմամբ սուրիական կառավարութեան ցուցաբերած գործակցութեան եւ տրամադրած դիւրութիւններուն, որպէսզի կարենան իրենց յանձնուած պարտականութիւնները կատարել։