Շաբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2023-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սուրէնեան» դահլիճէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանէն ժամանած Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան, որուն մաս կը կազմէին ատենապետ տիար Զաքար Քէշիշեան, կեդր. վարչութեան անդամ երկրչփ. Արա Գէորգեան, գործավար տիար Տօնիկ Տօնապետեան, ինչպէս նաեւ կեդր. վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ անդամ տիար Կարօ Մանճիկեան, ընկերակցութեամբ՝ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Մեթր Սունպուլ Սունպուլեան, երկրչփ. Յարութ Աւընեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ տիար Միհրան Վարդապետեան։
Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Համազգայինի կեդր. վարչութեան անդամներուն եւ իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց հայկական մշակութային արժէքները վառ պահող Համազգայինի մեծ ընտանիքի նուիրեալ անդամներուն։
Կեդր. վարչութեան ատենապետը անդրադարձաւ Միութեան 95-ամեակի գործունէութիւններուն, արցախահայութեան ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն եւ Միութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն։ Այցելութեան առիթով տիար Զաքար Քէշիշեան Սրբազան Հօր նուիրեց իր հեղինակած ձայնասկաւառակներէն օրինակներ։
Համազգայինի 95-ամեակի Յոբելենական հանդիսութեան առիթով, Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ տիար Ռաֆֆի Սիւլահեան, Սրբազան Հօր նուիրեց Միութեան նշանակը կրող յուշանուէր։
Մակար Սրբազան Թեմին անունով շնորհաւորական բարեմաղթութիւններ փոխանցեց այցելուներուն՝ Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով եւ ծաղկուն գործունէութիւն մաղթեց անոնց։