Երեքշաբթի, 5 Դեկտ. 2023-ին, հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Հայ Աւետարանական համայնքապետարանի «Թեհլիրեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս-լսարան նուիրուած Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիի եւ համանուն վարժարանի 100-ամեակին:

Ձեռնարկին ներկայ էին Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ, ՀՀ Հիւպատոսութեան Խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան խումբի գնդապետ Արկատի Տոնոյեան, հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ հոգեւոր հայրեր, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, կրթական, մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներ եւ գրասէր ընտրանի մը։

Հանդիսութեան սկիզբը ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս նահատակներուն յիշատակը յարգեցին, ետքը հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Աւետ. Բեթէլ Վարժարանի տնօրէնուհի՝ Լուսին Ապաճեան_ՉիլԱբօշեան, որ իր խօսքին մէջ վեր առաւ Բեթէլ եկեղեցիին եւ դպրոցին լուսաշող ծնունդը, ինչպէս նաեւ յոբելենական սոյն նախաձեռնութեան նպատակը։

Ձեռնարկին ցուցադրուած էին Բեթէլ եկեղեցիին եւ դպրոցին իրենց ծառայութիւնը բերող հովիւներուն, այսօրուան Բեթէլ համալիրին մէջ գործող կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ այժմու հովիւին եկեղեցական, միջհամայնքային, պետական, ազգային եւ միջազգային յարաբերութիւններէն ու պարգեւատրումներէն հոյլ մը լուսանկարներ։

Ձեռնարկին գեղարուեստական յայտագիրով իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ դաշնակահար Ռուզան Պարսումեան, մեկնաբանելով Յարութիւնեանի «Հայկական Պար»-ը, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի Ժ. կարգի աշակերտուհի Արգինա Շէօհմէլեան, մեներգելով «Հարիւր Տարի» երգը, որ ձօնուած էր այս պատեհ առիթին։ Երգին խօսքի հեղինակն էր՝ Տիրուկ Մարգարեան-Կարապետեանի, իսկ երաժշտութեանը՝ Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեան։

Օրուան բանախօսներն էին՝ հալէպահայ մտաւորական, գրող եւ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս Լեւոն Շառոյեան եւ փաստաբան, լրագրող ու Հայագիտականի դասախօս Մարիա Գաբրիէլեան։

Բանախօսները հաւատի ու դպրութեան կեդրոն հանդիսացող Բեթէլ եկեղեցիի եւ վարժարանի 100 տարուան ներդրումին անդրադարձան՝ արտայայտիչ եւ դիպուկ մէջբերումներով, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առին Հայ Աւետ. Համայնքի պատմութիւնը, Բեթէլ եկեղեցիին, անոր հովիւներուն, վարժարանին ու անոր ակնառու կրթական մշակներուն առաքելութիւնը։

Այնուհետեւ ուղիղ եթերով իր խօսքը ուղղեց Հայտօսթեան շառաւիղէն Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, որ նախագահն է Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի, ինչպէս նաեւ նախագահի տեղապահն է Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու։

Ան երեկոն շաղախելով իր հօր եւ մեծ հօր յուշերով, շեշտեց թէ Բեթէլի գոյացումը պտուղն էր հաստատակամ զարթօնքի, ապա խոնարհումով անդրադարձաւ իր մեծ հօր եկեղեցիին եւ վարժարանին հանդէպ ունեցած հաւատքին եւ անշեղ նուիրումին։
Ապա իր սրտի խօսքը ուղղեց Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, յայտնելով որ սոյն ձեռնարկը առանձնաշնորհում մըն է ի տես գաղութին դիմագրաւած բազմապիսի դժուարութիւններուն, որոնք գոյութենական են, իսկ մենք, իբրեւ դրօշակիրը մեր նախնիներուն ձգած աւանդին, անցեալը ներկային կամրջելով դէպի ապագայ ուղղուելու յանձնառութիւնը ունինք։

Վերապատուելին բարձր գնահատեց բանախօսներուն ներկայացումները, իրենց փորձառութեամբ ունկնդիրը պատմական տեղեկութիւններու իրազեկ դարձնելն ու մատչելի ոճը, ապա 100-ամեակի յուշանուէրներով պատուեց զանոնք։

Հուսկ, Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի «Պահպանիչ»աղօթքով ձեռնարկը իր աւսրտին հասաւ, որմէ ետք ներկաները
հիւրասիրուեցան եւ ստացան օրուան յուշանուէր տետրերէն:

Մանրամասնութիւնները «Գանձասար»-ի Դեկտեմբեր Դ. համարով։