Մարգարէատիպ լուսաւոր այրեր, որոնք Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան պետական նշանաւոր գործիչներ էին, Եգիպտոսի մէջ, օր մը, ի մի հաւաքուեցան ու պայծառատեսաբար կանխատեսելով սփիւռքահայութեան ուծացումի վտանգը, ստեղծեցին նախ կրթական ու հրատարակչական, այնուհետեւ նաեւ մշակութային այնպիսի միութիւն մը, որ հայրենիքէն հեռու, իւրաքանչիւր հայորդիի մտքին, սրտին ու հոգիին մէջ դրոշմել կարողանայ հոգեւոր հայրենիքի գաղափարն ու նորահաս սերունդները ազգային ինքնութեան հետ ամրօրէն կամրջուած պահէ:
Փաստօրէն, իրենց առաքելութեան մէջ անոնց յաջողեցան շուրջ հարիւրամեակի մը համար: Ասոր առհաւատչեան, գրեթէ ամէն օր, երկրագունդի այս կամ այն կէտէն, Համազգայինի 19 շրջաններու պարախումբերու, թատերախումբերու եւ երգչախումբերու ելոյթներու, հրատարակուած գիրքերու թէ կերպարուեստի ցուցահանդէսներու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի տարբեր երկիրներու ճեմարաններու աշակերտներու ու շրջանաւարտներու յաջողութիւններուն մասին՝ մամուլն ու համացանցը ողողող նիւթերն են:
Աշխարհատարած 19 շրջաններու մէջ, հայորդիներ, իրենց առօրեայ հեւքին հետ, գրեթէ ամէն օր, հաւաքուած են Համազգայինի առաքելութեան շուրջ, անհատնում ճիգ ու ջանք թափած են տեղ մը երգչախումբ մը ստեղծելու, տեղ մը թատրոն մը բեմադրելու, ուրիշ տեղ մը գիրք մը հրատարակելու, պարախումբի ելոյթ մը կազմակերպելու, հանրակրթական թէ գերարուեստի դպրոց մը կեանքի կոչելու, եւ այս բոլորը, անտարակոյս, կատարած են մեծ նուիրումով, մեծ ապրումով, մեծ գոհունակութեամբ ու յաղթահարելով մեծ դժուարութիւններ:
Համազգային Հայ Կրթական ու Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան յոբելենական այս հանդիսութիւնը կը կատարենք, սակայն, հայութեան համար ամէնէն դժնդակ ու օրհասական օրերուն:
Վերջին տարիներուն գոյութենական վտանգի մէջ եղող մեր պատմութեան վերջին 35 տարիներու կիզակէտը հանդիսացող Արցախ աշխարհը կորսնցուցած ենք արդ:
Տակաւին չենք թօթափած մարդկային ու հողային ահաւոր կորուստներուն տագնապը: Հայութեան նկատառելի մասը, մանաւանդ հայրենիքի մէջ, մանաւանդ պետական այրերու իսկ մասնակցութեամբ ու քաջալերանքով, անբնական ու դժուար բացատրելի կերպով, անտարբեր է այս իրողութեան նկատմամբ:
Միւս կողմէ, Սփիւռքը հետզհետէ կը կորսնցնէ իր երբեմնի կենսունակութիւնը:
Հայրենամերձ գաղութները, ինչպիսիք են պատմական նշանակութեամբ այս գաղութն ու լիբանանահայութիւնը, կը դիմագրաւեն քաղաքատնտեսական մեծ ու անյաղթահարելի թուացող դժուարութիւններ:
Արեւմտահայերէնը կը դասուի վտանգուած լեզուներու շարքին:
Հայախօսութիւնն ու հայեցի մտածելակերպը աղիտալի անկումի մէջ են գրեթէ ամէնուրեք:
Օտարամոլութեան ախտը կրկին ջուրի երես դուրս ելած է:
Խաթարման վտանգի տակ է Սփիւռքի մէջ՝ հայրենիքին համար ու հայրենական հեռանկարով ապրելու մեր գոյերթին գաղափարական իմաստը: Յաջողութիւն արձանագրած են պառակտման ճամբով հայութիւնը տկարացնելու միտող ապազգային ու օտարակեդրոն փորձերը:
Ամէնուրեք կը դիմագրաւենք տնտեսական լուրջ տագնապներ, բայց մանաւանդ, իւրաքանչիւր սերնդափոխութեան հետ, ազգային արժեհամակարգէ հեռանալու ու ինքնութեան գիտակցումէ զրկուելու վտանգ կը դիմագրաւէ ոչ միայն Սփիւռքի, այլեւ՝ հայրենի հայութիւնը:
Ահա այս մարտահրաւէրներու գիտակցումով է, որ Համազգայինը այսօր, աշխարհասփիւռ իր շրջաններու կողքին, նաեւ այստեղ՝ Հալէպի մէջ կը յիշատակէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը:
Բայց արդեօք պայմանները աւելի՞ ձեռնատու եղած են 95 տարի առաջ, երբ մեր լուսամիտ հիմնադիրները, Հայոց Ցեղասպանութենէն ընդամէնը 13 տարի ետք, երբ տակաւին չէր իսկ ձեւաւորուած կազմակերպ Սփիւռքը, Համազգայինի հիմնադրմամբ մտայղացան Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը ի մի հաւաքել հայ դպրութեան ու մտքի արգասիք՝ ազգային հայ մշակոյթին շուրջ:
Արդեօք աւելի՞ ձեռնհաս մարդիկ կային ամէնուրեք, ուր, «օտար-ամայի ճամբէքի վրայ», Համազգայինի նոր կառոյց կը հիմնուէր գրեթէ ամէն տեղ, ուր կեանքի պայմաններու բերումով բուռ մը հայութիւն հաւաքուէր:
Անվարանօրէն՝ ո՛չ: Սակայն գործի նկատմամբ մեր հիմնադիրներու հաւատքն ու նուիրումը այնքան զօրեղ ու աննկուն եղած էին, որ անոնք չէին երկնչած ու ազդուած տիրող աննկարագրելի դժուարութիւններէն ու յառաջ մղուած՝ դէպի Սրբազան առաքելութիւն:
Այսօր, մտովի վերաքաղ ընելով Համազգայինի անցած 95 տարիներու կատարածն ու ձեռքբերածը, կրնանք անվարան հաստատել, որ սփիւռքահայ հայրենակարօտ զանգուածներուն համար՝
Համազգայինը կեանք է ու կենսակերպ: Համազգայինը հայահաւաք կազմակերպութիւն է, այլ խօսքով՝ կազմակերպուած հաւաքականութիւն, որուն շուրջ կը հաւաքուին բոլոր անոնք, որոնք որոշած են հայօրէն ապրիլ այս կեանքը: Հայօրէն ապրիլ կը նշանակէ համախմբուիլ հայ մշակութային արժէքներուն շուրջ, սերտել եւ իւրացնել զանոնք ու անոնց մտերմութեան մէջ շարունակել ո՛չ միայն ապրիլ, այլեւ՝ ապրեցնել:
Համազգայինը առաքելութիւն է: Անոր առաքեալներն են բոլոր անոնք, որոնք կը դաւանին հայոց ազգային մշակոյթի արժէքներուն ու ջանք ու քրտինք չեն խնայեր, կազմակերպական զանազան կառոյցներու մէջ բեղուն ու կամաւոր գործունէութիւն ծաւալելու:
Համազգայինը նուիրաբերութիւն է: Անոր նուիրաբերողները գիտակից ու ձեռնհաս հայ մեծահարուստներն են, որոնք խորապէս կը գիտակցին Համազգայինի հայապահպանման ու մշակութատարած առաքելութեան ու անվերապահօրէն կը վստահին անոր: Համազգայինի նուիրաբերողները նաեւ մենք բոլորս ենք եւ մեր հաւաքական նուիրաբերութիւնը նոյնպէս մեծ դերակատար է Համազգայինի ծրագիրներու յաջողութեան:
Համազգայինը յանձնառութիւն է: Անոր յանձնառուներն են բոլոր անոնք, որոնք կը ծառանան քիչ առաջ նշուած բոլոր դժուարութիւններուն դէմ ու հիմնադիր սերունդէն իսկ կտակուած տոկուն կամքով ու հաւատքով կը շարունակեն համազգայնականի իրենց կեանքն ու աշխատանքը:
Համազգայինը ազգային ինքնութեան գիտակցում ու անորմէ ամբողջական կառչածութիւն է: Կեանքի ապազգայնացնող այս յորձանուտին մէջ, ազգային ինքնութեան հաւաքական գիտակցութեան պակասն էր առաւելաբար, որ պարտութեանց մատնեց մեզ:
Եւ վերջապէս, Համազգայինը երիտասարդութիւն է: Համազգայինի տարբեր երկիրներու՝ տարբեր ճեմարաններու, գեղարուեստի դպրոցներու ու ստեղծագործական խումբերու մէջ հաւաքուած մեր աննման պատանիներն ու երիտասարդները հիմքը կը կազմեն տարեց, բայց ոչ ծեր այս հոյակապ միութեան, առանց որուն Սփիւռքի մեր հաւաքական կեանքը վաղուց գունաթափուած ու հաւանօրէն նոյնիսկ ընդհատուած պիտի ըլլար:
Այսօր, տօնական այս առիթով, այս դահլիճին մէջ եկէք ոգեկոչենք Համազգայինի Սուրիոյ շրջանի մէջ գործած, բայց այժմ յաւիտենութեան անցած բոլոր վաստակաւորները, որոնք իրենց ժրաջան աշխատանքով Համազգայինի բերդը ամուր պահած են այստեղ:
Յանուն Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, սրտի անհուն սիրով ու գորովով կ’ողջունեմ անցաւորներու ստեղծած արժէքներուն ու աւանդներուն արժանաւոր շառաւիղը եղող շրջանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնն ու մասնաճիւղերը, գեղարուեստի դպրոցներու ու խումբերու ուսուցիչներն ու անդամները, որոնք հակառակ տիրող ճգնաժամին, հայ մշակոյթի ջահը առծարծ կը պահեն այստեղ:
Կ’ողջունեմ Համազգայինի քոյր միութիւններ՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչն ու Սուրիոյ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, որոնց հետ, գաղափարական նոյն գիտակցումով անցանք մեր ճամբան ու նոյն նուիրումով կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը:
Սրտանց կ’ողջունեմ նաեւ, քաղաքական ու գաղափարական տարբեր դրօշներու տակ գործող, սակայն հայապահպան նոյն առաքելութեան տէր Նոր Սերունդ, Թէքէեան մշակութային միութիւններն ու ՀԲԸՄ-ը, որոնց հետ համագործակցութեան նոր ճանապարհներ պէտք է հարթուին՝ յանուն հայեցի կրթութեան ու մշակոյթին:
Այսօր նոր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք: 95-ամեակը՝ 95-ամեակ, Մշակոյթը՝ մշակոյթ, կրթութիւնը՝ կրթութիւն: Սակայն այսօր մեր սեւեռակէտը կը շարունակէ մնալ արցախահայութեան դժնի ճակատագիրը: Մեր քոյր միութիւններուն հետ, այսօր լծուած ենք Հայաստանի՝ իր հայրենիքին իսկ մէջ տարագիր ու ցիրուցան մեր արիւնակիցներուն այս դժուարին հանգրուանին թեւ թիկունք կանգնելու անյետաձգելի գործին:
Համազգայինի Արցախի ու Հայաստանի զոյգ գրասենեակները օրն ի բուն կ’աշխատին բարոյահոգեբանական աջակցութիւն ցոյց տալու Արցախի մանուկներուն, դպրոցական դասերու ուսուցման կեդրոններու մէջ օգնելու անոնց կրթութեան, մշակութային զանազան կերպերով՝ տիկնիկային ներկայացումներով թէ կերպարուեստի ուսուցման ճամբով, արցունքի կաթիլ չորցնելու եւ ժպիտ ուրուագծելու անոնց դէմքին, նպաստելով անոնց անխուսափելի հոգեխոցը մեղմելուն:
Յաճախ կրկնուած ճշմարտութիւն է, որ ամեակները իբրեւ տարիներու ամբողջութիւն, իրենց մէջ ոչինչ ունին նոր: Անհատներն ու հաւաքականութիւններն են, որոնք նման առիթներով պիտի վերարժեւորեն անցեալը, քննեն ներկայի մարտահրաւէրները, անհրաժեշտութիւններն ու հնարաւորութիւնները եւ ուրուագծեն ապագան:
Այս ճշմարտութիւնը ամբողջապէս ցուցանիշ է նաեւ 95-ամեայ Համազգայինին համար, որպէսզի ամրանայ մեր ինքնութեան գիտակցութիւնն ու ազգային կենսակերպը, իրականանայ մեր առաքելութիւնը, ուժական դառնայ մեր նուիրումի ոգին, վերանորոգուի մեր յանձնառութիւնը եւ առաւել երիտասարդանան մեր շարքերը:
Որպէսզի անսասան մնայ Համազգայինի առաքելատիպ հիմնադիրներու տեսլականը ու հայը շարունակէ կարեւորութիւն ընծայել իր կրթական մակարդակին ու տէրն ու կրողը մնալ իր դարաւոր մշակոյթին:
Բայց մանաւանդ, որպէսզի այս օրհասական օրերուն, միասնական ու ամբողջանուէր կերպով դիմագրաւուին մեր բոլոր տագնապներն ու դժուարութիւնները, յանուն հայոց վաղուան պայծառ ապագային: