Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, իր հերթական այցելութիւններու ծիրէն ներս, այցելեց Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Ազգ. Պատսպարան, ուր մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ սաներուն հետ, ներկայութեամբ՝ Ս.Օ.Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Օրդ. Զեփիւռ Գէորգեանի, Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբի ատենապետ Տիկ. Էմմա Սարգիսեան-Վարդապետեանի եւ յանձնախումբի անդամներուն։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։
Սրբազան Հայրը զրուցեց Պատսպարանի սաներուն հետ, լսեց անոնց, պատասխանեց իրենց յուզող հարցումներուն եւ հայրաբար խրատեց եւ գօտեպնդեց, որպէսզի կազմակերպուածութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ իրենց առօրեայի աշխատանքները կարգաւորեն։