Վեր.Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան. «Թող Հայ Աւետ.Բեթէլ եկեղեցիին 100-ամեակի տօնակատարութիւնը ըլլայ պատեհութիւն մը վերյիշելու աստուածային իրականութիւնը եւ յանձնառութեամբ կառչելու Անոր ձայնին, ինչպէս Աստուծոյ խօսքը կ՚ըսէ.«Սակայն գիտենք թէ ամէն բաները բարիին գործակից կ’ըլլան անոնց որ Աստուած կը սիրեն, որոնք անոր նախասահմանութիւնովը կանչուած են» (Յայտ.2.5)» ։
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ.Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Ուրբաթ, 8 Դեկտ. 2023_ի երեկոյեան ժամը 7։00_ին, ՀԲԸՄ-ի «Գ.Նազարեան» սրահէն ներս արժանաւորապէս յիշատակուեցաւ Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ Յոբելենական հանդիսութիւնը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք.Միրիաթեան, Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ, ՀՀ Հալէպի Հիւպատոսութեան խորհրդական հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան, Հիւպատոսոպթեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան խումբի գնդապետ Արկատի Տոնոյեան, հոգեւոր հայրեր, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան, հալէպահայ կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հանդիսականներ։
Բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը բոլոր նահատակներուն։
Օրուան հանդիսավարն էր Սեւան Չիրիշեան։
Բացման խօսքով Յովիկ Շէհիրեան ըսաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն հազիւ դէպի կեանք թեւակոխած, ուժասպառ, տարագրեալ հայ ժողովուրդը մինչ գոյատեւելու շունչ կը փորձէր առնել զինք խեղդող իրականութեան մէջ, կեանքին կառչելով վերականգնեցաւ որպէս յարուցեալ ազգ։ Հալէպ հաստատուած Արեւմտահայութեան համար եկեղեցիի եւ դպրոցի գոյութիւնը էական էր։ Արդարեւ, 1923-ին հիմնուած Հայ Աւետ.Բեթէլ եկեղեցին ու վարժարանը դարձան գոյատեւման այդպիսի ազդակներէն։ Շէհիրեան եզրափակելով յայտնեց, որ սոյն հանդիսութիւնը արտացոլացումն է եկեղեցիի հարիւրամեայ պատմութեան, որուն ժառանգորդները Բեթէլի երիտասարդներն են։
Գեղարուեստական յայտագիրը բեմականացուած էր Մարգրիտ Շամիլեանի գեղ. ղեկավարութեամբ ու կ՚ընդգրկէր «Նազ Պար», կատարողութեամբ խումբ մը պարմանուհիներու, մեներգ «Իմ Հայրենիք», կատարողութեամբ Կարպիս Աւագեանի, ասմունք՝ համադրումը Մարգարիտ Շամիլեանի, երգախմբային կատարում «Տէր, Պահէ Զիս», պար «Սեւ Սպիտակ» EmpyRay, մեներգ «Խաղաղութիւն», կատարողութեամբ Քրիստինա Միրաքեանի, որուն ընթացքին խումբ մը փոքրիկներ ներկայացուցին մոմերով պար եւ երգի աւարտին կազմեցին խաչ, որպէս խաղաղութեան խորհրդանիշ։
Գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին պարման-պարմանուհիները իրենց խօսքերով վեր առին հայ լեզուի պահպանման անհրաժեշտութիւնը, որբանոցի եւ ծերանոցի հիմնադրութեան, հայկական ասեղնագործութեան, արհեստի ու արուեստի կարեւորութիւնը։
Տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայայացուեցաւ Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ հարիւրամեայ համառօտ պատմութիւնը, ուր պատկերուած էր զոհողութիւնը՝ ժամանակի շունչով եւ Աստուծոյ խօսքով սնանած նուիրեալներու, որոնք դժուար պայմաններու մէջ, մտահոգ ազգին անցեալով ու ապագայով, իրենց հայեացքը ուղղած էին հայրենիք։
Աւարտին պարմանուհի մը իր ձեռքին ջահ բռնած բարձրացաւ Վեր. Դոկտ.Յարութիւն Սելիմեանի մօտ եւ ջահը անոր փոխանցելով հրաւիրեց օրուան պատգամը տալու։
Համայնքապետ Վերապատուելին ըսաւ. «Երբ պատմութեան խորքէն կ’ընթանանք հանգրուան առ հանգրուան, կը դիտենք եկեղեցին, կը լսենք եկեղեցիին մասին, հաղորդակից կը դառնանք եկեղեցիին հին ու նոր օրերուն, անոր դերին անցեալի պատմութենէն մինչեւ նորագոյն պատմութիւն։ Դժուար է երբեմն պատկերացնել եւ դիւրին է բեմականացնել ողջ դարու մը բովանդակալից պատմութիւնը։ Պատմութիւն, որ արհաւիրքէն ծնած եւ տարբեր հանգրուաններու մէջ Աստուծմով իր կեանքը տողագրած ժողովուրդի մը մաքառումը կը մարմնաւորէ։
Ապա շեշտեց, որ Հայ Աւետ.Էմմանուէլ եկեղեցին, Բեթէլ եկեղեցին, հետագային Քրիստոսի եկեղեցին եւ աւելի ուշ Հայ Աւետ. Նահատակաց եկեղեցին դարձան կարեւոր մասնիկներ վերածնունդ ապրող ժողովուրդի մի պատմութեան ու ձեւաւորեցին անոր ներկան։ Այսօրուան երիտասարդները, մանուկները եւ այս ջահը բարձրացնող Հայ Աւետ. Համայնքի զաւակները ջահակիր ըլլալու իրենց հանգամանքը կը յայտարարեն։ Մենք երիտասարդ հոգիներով կը յիշենք պատմութիւնը, որպէսզի յիշեցնենք գալիք սերունդին անցեալէն մեզի փոխանցուած քրիստոնէական հաւատքն ու կուռ կամքը։ Մեր ժողովուրդը ապրեցաւ նաեւ հայրենիքին հետ, Հայաստանի հետ ու երկար տարիներ Հայաստան չկարենալ տեսնելուն բերումով կարօտը սրտին փարեցաւ իր նոր տան, սուրիական ասպնջական հայրենիքին, ուր ծաղկեցաւ, կառուցեց, ապրեցաւ եւ ապրեցուց, յատկապէս վերջին տասնամեակներու ծամդ պայմանները յաղթահարելով, շնորհիւ վսեմաշուք նախագահ տոքթ.Պաշար ալ-Ասատին» ։
Վերապատուելին իր խօսքի աւարտին յորդորեց պատասխանատու, գիտակից կեանք ապրիլ, որպէսզի Տէրը փառաբանուի եւ մեր ժողովուրդը բարգաւաճի սուրիական օրհնեալ այս հողերուն վրայ։
Ապա պարգեւատրեց հանդիսութեան գեղարուեստական ղեկավար Մարգարիտ Շամիլեանը 100-ամեակի յուշանուէրով, որմէ ետք բեմ հրաւիրեց հայ հոգեւոր պետերը։ Երեք համայնքապետները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, մեկնակատարութեամբ Արգինա Շէօհմէլեանի, ապա համայնքապետները «Պահպանիչ» աղօթքով փակեցին հանդիսութիւնը։
Գարօլին Քիւրքլեան-Արոյեան