2023 թուականը իր ծանրութեամբ, յատկապէս համայն հայութեան համար արձանագրուած մեծ կորուստին` արծուեբոյն Արցախի բռնագրաւման եւ համայն արցախահայութեան բռնի տեղահանման առումով եղաւ աննախընթաց ու բաւական տագնապալի: Տակաւին, կային ու կը շարունակեն մնալ լիբանանեան բազում ու բազմաբնոյթ դժուարութիւնները, Կազզայի մէջ շարունակուող անմարդկային պատերազմն ու գործադրուող սպանդը` պաղեստինցի ժողովուրդին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տիրող սպասողական մտահոգիչ վիճակը` ի տես Ատրպէյճանի կողմէ կրկնուող սպառնալիքներուն եւ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան դրսեւորած յանձնուողական ու զիջողական տրամադրութեան:

Իբրեւ լրատուամիջոց` դիւրին չէր ու տակաւին չէ նախ հետեւիլ եւ արձագանգել ամիսներ շարունակ շրջափակման մէջ ապրած արցախահայութեան բազում մարտահրաւէրներուն, մարդկային կեանքի տարրական կարիքներու չգոյութեան պատճառած տաժանելի վիճակներուն, բայց եւ այնպէս հպարտութիւն էր տեսնել արցախցի մեր հայրենակիցներուն գոյատեւելու կամքն ու վճռակամութիւնը: Սակայն վիճակը աննկարագրելի դարձաւ, երբ մէկուկէս օրուան ռմբակոծումէ ետք` 20 սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները համաձայնեցան լուծարել Արցախի Պաշտպանութեան բանակը եւ քննարկել Ատրպէյճանի հետ համարկումի հարցը, ինչ որ կը նշանակէր Արցախի ամբողջական կորուստ: Իբրեւ լրատուամիջոց եւ օրաթերթ` դիւրին չէր ընկալել այս բոլորը եւ արձագանգել անմարսելի դէպքերուն, խօսիլ վիճակի ահաւորութեան մասին, լուսարձակի տակ առնել արցախահայութեան անել կացութիւնը… Իբրեւ լրատուամիջոց` նաեւ դաժան էր հետեւիլ 7 Հոկտեմբերէն ի վեր Կազզայի մէջ ի գործ դրուած անմարդկայնութեան, տասնեակ հազարաւորներու սպանութեան եւ ոճրային տարբեր դրսեւորումներու:

Ճիշդ է, որ պարզ քաղաքացիներ սովորաբար սկսան խուսափիլ այս բոլորին հետեւելէ եւ այս մասին կարդալէ` ապրելով իրենց սովորական առօրեան, հեռու մնալով ընդհանրապէս տագնապներուն հայելին եղող լրատուամիջոցներէն, սակայն ասիկա ոչինչ կը փոխէ մեր պարտականութեան եւ աշխատանքային թափին մէջ, այլ ընդհակառակը, կը ստիպէ աւելի հետեւողական կերպով քայլ պահել իւրաքանչիւր իրադարձութեան հետ, որսալ լաւ ու վատ պատմութիւնները, լոկ լուրի փոխանցումէն անդին անցնելով` փորձել ընթերցողին դատին յանձնել դէպքերուն եւ դէմքերուն ետին թաքնուած զարգացումները, յուսահատութեան կողքին լաւատեսութեան նշոյլներ հասցնել թերթի հաւատարիմներուն, որոնց թիւը, տպագիրի առումով, թերեւս կը նօսրանայ, բայց ելեկտրոնային տարբերակներուն, ընկերային ցանցերուն եւ արագ լրահոսին առումով կը բազմանայ ու աշխարհագրական առումով կ՛ընդարձակուի:

Ուրեմն մեր առաքելութիւնը կը մնայ նոյնը, լուրերուն դաժանութեան հակառակ` կը շարունակենք գործել նորօրեայ պահանջին համապատասխանող թափով, սրընթաց կեանքին հետ քայլ պահելու առաջադրանքով` միշտ հաւատալով, որ ժխտականին կողքին, առկայ են նաեւ դրական կէտեր, որոնք գոհացում կու տան` հայերէն կարդալու ծարաւ ունեցող հայորդիներուն, թերթը առօրեայ հացի նման սպասողներուն, նախաճաշի ընթացքին «Ազդակ»-ի կայքին մէջ «պտոյտ» ընողներուն, իրենց արձակուրդին կամ հանգիստի ժամերուն «Ազդակ»-ը իբրեւ բարեկամ ունեցողներուն` միշտ աւելի լաւը ընելու ճիգով եւ յոյս ներշնչելու փորձով:

Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ