Հեռաւոր Մոնթրէալի մէջ շնջող Բերիոյ Թեմի պաշտօնաւարտ առաջնորդներէն բարձրաշնորհ Տ ․Սուրէն Արք․ Գաթարոյեանի ցաւատանջ սիրտը դադրեցաւ բաբախելէ Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ի վաղ առաւօտեան։

Դադրեցաւ Բաբախումը այն սրտին, որուն տրոփումը սրտամկանի պրկումներէն չէր, այլ 27 երկար տքնաջան տարիներու ընթացքին, Հալէպի Ս․Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ կոչնակի ղօղանջին խտացած թրթռացումներու արձագանգն էր կարծէք, որ կը վերարտադրուէր իր կրծքին տակ բաբախումը նմանակելով եւ կը հնչէր հալէպահայութեան կեանքին կշռոյթով։ Այդ մէկը կը վկայէին հալէպեան որեւէ մէկ նիւթով Սրբազանին նոյնիսկ պատահական զրուցակիցները։

Կարելի չէ մէկ առ մէկ նկարագրել իւրաքանչիւր հալէպահայու եւ լուսահոգի Սրբազանին միջեւ գոյաւորուած ջերմալարի էութիւնը: Մանկապարտէզի վկայականը իր ձեռքով ստացած աշակերտներէն շատերուն պսակադրութիւնը օրհնած էր Բերիոյ Թեմի 60-րդ Առաջնորդը: Բացայայտը այն է միայն, որ պաշտօնավարումէն քսան տարի ետք, անոր կերպարը կը շարունակէր իւրաքանչիւր հալէպահայու մտապատկերին մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւել, ըլլան անոնք տակաւին ի Հալէպ, թէ տարածուած ի Սփիւռս Հալէպի։

Հայ Հալէպի, Փառքի կէրտիչներէն մին էր Բերիոյ Թեմի (1977-2004թ․) Առաջնորդ Սուրէն Արք․ Գաթարոյեան, որուն անմիջական մտերմութեան քաղցրութիւնը վայելելու բախտը ունեցած եմ 11 տարի առաջնորդ–դիւանապետ յարաբերակցութեամբ, բայց միշտ որպէս հոգեւոր հայր եւ ուսուցիչ պարունակին մէջ։ Բախտաւոր կը զգամ, որ ապրած եմ Սուրէն Սրբազան Առաջնորդին եւ մարդուն ժամանակը։

Հոգեկան անհուն բաւարարութեամբ կը յիշեմ Սրբազանին մատուցած հանդիսաւոր պատարագներուն երբեմն որպէս սարկաւագի բաժինի երգեցողութիւնը կատարողի Ս․ սեղանին ծառայած ըլլալու շնորհին արժանացած ըլլալս։

«Յիշեսցուք եւ զմեզ առաջի անմահ գառին Աստուծոյ»:
Երբ 1993-ին դիւանապետութեան կոչուեցայ, թելադրեց զիս. «Դիւանատունը առաջնորդարանի առաջին պաշտօնասենեակն է։ Ի պաշտօնէ տեւական յարաբերութեան մէջ պիտի ըլլաս ժողովրդային զանազան խաւերու հետ։ Պէտք է ժողովուրդը ճիշդ հասկնաս եւ անոր հարազատ թարգմանը ըլլաս»։

Այսօր այդ պատգամը կը շարունակեմ գործադրել այս տողերով, մեծաթիւ հալէպահայերու մորմոքած սրտերէն չբարձրաձայնուած, բայց ներաշխարհը ալեկոծող զգացումներուն թարգմանը հանդիսանալով։

Այս պահուն պէտք է կատարեմ վկայութեան նման վերյիշում մը։ Լուսահոգի Սրբազանը իր քահանայական ձեռնադրութեան քառասնամեակին առիթով Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․ իշխանութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին, որպէս յոբելեարի իր կուռ խօսքին մէջ չվարանեցաւ հանրութեան առաջ յայտարարել որ «Եթէ իմ առաջնորդութեան տարիները պտղաբերեցին, փառքը եւ պատիւը Ազգ․ Վարչութեանց եւ նուիրեալ ժողովական այն կառոյցներուն էր, որոնց աշխատանքով եւ սերտ գործակցութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմը ծաղկեցաւ»:

Հալէպահայութիւնը սէրդ սիրով ու պատուով փոխադարձեց, լուսահոգի՛ Սրբազան։ Դուն ոչ միայն Առաջնորդ եղար շինարար, այլեւ ներդաշնակ կերպով միատեղեցիր եկեղեցին եւ ազգը հայ ինքնութեան արժեհամակարգին շաղախով։

Անունդ հրաշալի կերպով ագուցուեցաւ Բերիոյ պատմական Թեմի Առաջնորդութեան։ Վարքդ ուսանելի կը մնայ աշխարհիկին թէ հոգեւորականին։
Առաջնորդութեան հոգեւոր եւ վարչական պատասխանատուութիւններով ծանրաբեռնուածութիւնդ, մերթ ընդ մերթ նահանջող առողջութիւնդ չկրցան արգելակել, որ ներհուն հարստութիւնդ, մտաւորական աշխատութիւններդ հրատարակութիւններու ճամբով նաեւ արտայայտուին եւ յաջորդաբար մատուցուին ի հոգեւոր վայելումն հաւատացեալ ժողովուրդին։

-Սաղմոսագիրք, գրաբար բնագրին կողքին աշխարհաբար թարգմանութեամբ, Հալէպ,1996։
– Առակաց գիրքի աշխարհաբար թարգմանութիւնը, հանդերձ գրաբար բնագրին, Հալէպ, 1997-ին։
-Ս․ Պատարագի երգեցողութեան եւ մեկնութեան գրքոյկ մը, Հալէպ, 1998-ին։
-Ատենի աւետարան գրաբար եւ աշխարհաբար, Մոնթրէալ, 2013-ին։
-Տօնացոյց Հայց․ Եկեղեցւոյ, Մոնթրէալ, 2013-ին։
– Պատկերազարդ ծիսական բառարան, Մոնթրէալ, 2014-ին։
-Հաւատքի եւ Ծառայութեան Ուղիներով, Մոնթրէալ, 2015-ին։
-Իննիսունամեայ Հունձք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին, Մոնթրէալ, 2020-ին։
-Վերաքաղ Անցեալի Յուշերէս, Մոնթրէալ, 2022-ին։

Մինչ այս տողերը կը պատրաստէի հրատարակութեան, իմացայ, որ 27 Դեկտեմբեր 2023-ին, Չորեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգելոյս Սուրէն Արք․ Գաթարոյեանի Թաղման կարգը եւ անոր յոգնաբեկ մարմինը իր յաւիտենական հանգիստը պիտի գտնէ իր հարազատ յարկին տակ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանական դամբարանը։ Բրաբիոն ծաղկէդափնի շիրիմին:
Աստուծոյ մա՛րդ, դուն յաղթեցիր մահուան, դարձար ուղեւոր յաւերժութեան։

Գրիգոր Տունկեան