Երկու սնտուկ հին նամակներ: Հին որ կ’ըսեմ, չկարծէք թէ երեսուն-քառասուն տարի մը նկատի ունիմ: Այս նամակները ճիշդ 108 տարեկան են: Համաշխարհային երկու պատերազմ տեսեր են, գրաքննութենէ անցեր են- յաճախ չեն իսկ անցեր- եւ հասեր են մեզի, իրենց խունացած էջերուն մէջ բազմաթիւ եւ այլազան պատմական տեղեկութիւններուն կողքին սիրոյ հեքիաթ մը պահած:
Գուրգուրանքով կը հանեմ առաջին նամակը իր պահարանէն, կը բանամ ծալուած թերթերը եւ զարմանքով կը դիտեմ, որ անոնք ետեւէն առջեւ շարուեր են՝ վերջին էջն է վրան: Իսկ էջերը շատ են: Կը նշանակէ՞ որ անոնք կրկին կարդացուեր են եւ ետ չեն դասաւորուեր…
Սկիզբէն անմիջապէս ի յայտ չեկաւ այդ թաքնուած սէրը, որ կարծես պահուեր էր գեղեցիկ աղջկայ մը պէս, որ տակաւին գիտակից չէ իր գեղեցկութեան:
Կարդացի քանի մը տող եւ թուղթերը ետ իրենց պահարանին մէջ դրի: Դուռ մը կը բանայի կարծես երկու կեանքերու ամէնէն մտերիմ պահերուն վրայ: Չէի կրնար միջամուխ ըլլալ իրենց մտերմութեան:
Նամակները կ’երկարին 1916 թուականէն մինչեւ անոնցմէ մէկուն՝ Ճանիկ Հայկ Չագըրի մահը, 1955 թուականին:
Եթէ նոյնիսկ Չագըր ամոլը՝ Ճանիկ Հայկ Չագըր եւ Սաթենիկ Թոփալեան-Չագըր հանրային կարեւոր դէմք մը չըլլար, այս նամակագրութիւնը իրենց միջեւ պիտի դարձնէր զիրենք կարեւոր՝ Սփիւռքի նոր ժամանակներու պատմութեան համար:
Քանի՞ անձ կը ճանչնանք, որ այդքան երկար տարիներ – փաստօրէն 39 տարիներ – անընդմիջաբար պահած ըլլան նամակագրութիւն մը, նոյն անձին հետ:
Միջազգային գրականութեան մէջ եղած են նման մարդիկ, որոնց նամակները դար մը ետք լոյս տեսեր են առանձին հատորներով, ինչպէս օրինակ անգլիացի բանաստեղծ Philip Larkin-ի իր կենակցուհիին՝ Monica Jones-ի գրած նամակները՝ «Letters to Monica» խորագրով լոյս տեսած: Քառասուն տարուան վրայ երկարող երկու հազար նամակներ, բացիկներ եւ հեռագիրներ…
Հայ գրականութեան մէջ նման երեւոյթի չեմ հանդիպած:
Անշուշտ Ճանիկ-Սաթի (Սաթենիկ) նամակներուն առատութիւնը այսօր կրնայ զարմանք պատճառել մեզի, մենք որ դարձեր ենք message-ի համակիրներ եւ նամակագրութեան ամբողջ մշակոյթը հովին տուեր ենք:
Այս առատութիւնը երկու պատճառ ունի անշուշտ.
Ա. Երկար տարիներու վրայ տարածուած ըլլալը եւ
Բ. Իրարու հետ զրուցելու մեծ սէրը:
Այստեղ չեմ կրնար չյիշել վաղուց կարդացած «խրատ» մը, որ կ’ըսէ՝ «Երբ ամուսնութեան մասին կը խորհիք, ընտրեցէ՛ք այնպիսի մէկը, որուն հետ զրուցելը ՇԱՏ հաճելի է ձեզի, որովհետեւ մնացեալը պիտի աւարտի, իսկ զրուցելը բնաւ աւարտ պիտի չունենայ»:
Ճանիկ Հայկ Չագըրի իր կնոջ գրած նամակները երեք տարիներու ընթացքին՝ 1916-1919, մինչեւ իրենց պսակը, հրատարկուեր են1, կազմելով մեծածաւալ գիրք մը, որ կը հաշուէ 350 էջ:
Սնտուկներուն մէջ պահուած նամակներէն մաս մը որդերէ կրծուած է, ուրիշ մաս մը կարմիր մելանով եւ դողդոջ ձեռագրով յաւելումներ կը կրէ, որոնք կը հաստատեն անոնց աւելի ուշ, կրկին ու կրկին կարդացուած ըլլալը: Երբեմն մոռցուած թուական մըն է որ աւելցուեր է, երբեմն մէկ բառով յուշ մը կամ յիշատակի մը տպաւորութիւնը արձանագրուեր է: Ասիկա արդէն կը յուշէ այն չմեռնող զգացումին մասին, որ սէր կը կոչուի, որ երկու անձեր կը կապէ իրարու – յաճախ իրարմէ շատ տարբեր անձեր – եւ մէկուն բացակայութեան խորունկ տխրութեան կը մատնէ երկրորդը:
Իրենց նամակագրութիւնը մի՛շտ անգլերէնով եղեր է: Բայց ահա ձեռքերուս մէջ է շատ փոքրիկ բացիկ մը. Սաթիին կողմէ հայերէնով գրուած, Պերլինէն ղրկուած, առանց թուականի: Նամակատան կնիքը կ’ըսէ՝ 11.08.28, Տրէզտըն (Գերմանիա):
«Սիրելիս, հիմա կ’երթամ Պերլին եւ մինչեւ դուն գաս, բանսիօն պիտի կենամ: Երէկ ստացայ նամակդ, որ Չորեքշաբթի կու գաս, Hauptpostlagein – Berlin ղրկէ նամակդ եւ առաջվընէ գրէ երբ պիտի գամ դիմաւորեմ: Եթէ ուզենք Cologne-էն Baden կ’երթանք եւ անկէց Haute Savoie որ բնաւ չենք ճանչնար:
Այս գառտս unique է՝ հայերէն դեռ չէի գրած: Անհամբեր կսպասեմկոր – մի ուշացներ գալդ,
Համբոյրներով Սաթի»
Աւելի ուշ, շատ աւելի փոքրիկ բացիկի մը վրայ կը կարդանք (անգլերէնէ թարգմնաբար)
«Սիրելի էրիկս իմին,
Ամէնէն քաղցր, ամէնէն սիրելի, ամէնէն լաւը էրիկներուն: Ահա լավանտըրի փնջիկ մը. Stanfurden-էն: Շատ քաղցր կը հոտի, չէ՞: Ատեն մը ներքնազգեստներուս մէջ դրեր էի, հիմա քուկիններուդ մէջ կը դնեմ, որ զիս յիշես, մինչեւ վերադառնամ: Յետոյ միասին կ’առնենք անոնց հոտը, չէ՞»:
Այս քանի մը տողերը, հակառակ իրենց զուսպ ոճին, շատ արտայայտիչ են եւ գաղտնօրէն ցանկութիւն արտայայտող:
Ամուսնութենէն ետք, 1922-ին գրուած նամակի մը մէջ Սաթի կ’ըսէ.
«Գիտեմ թէ որքա՜ն կը գնահատես երկար, մանրամասնութիւններով լեցուն նամակ մը – կարծես քովդ նստած հետդ խօսիմ – ատոր համար ալ պիտի զոհեմ քունս եւ քեզի հետ խօսիմ»:
«Անընդհատ ինքզինքս կը բաղդատեմ երեք տարիներու առաջուան Սաթիին հետ, քու քաղցր համբերանքդ որքան փոխեր է զիս: Եւ ինչ գէշ բան պիտի ըլլար, եթէ ուրիշի մը հետ ամուսնացած ըլլայի եւ մենք ալ ծնողքիս պէս զոյգի մը վերածուէինք»:
Երկուքին ալ նամակները ոչ միայն կենդանի զրոյցներու արձանագրութիւններ են կարծես. այլ նաեւ մտերիմ օրագրութիւններ, որոնց մէջ չեն վարանիր քննադատութեամբ գրելու իրենց ծնողքին կամ քոյր-եղբայրներուն մասին, կարծես մոռցած որ իրենց գիրը օրագրութիւն չէ, այլ՝ նամակ:
Նման մտերմութիւն՝ առանց սահմաններու կամ սահմանափակումի, խորունկ հաղորդակցութիւն եւ մեծ սէր կ’ենթադրէ անշուշտ:
Թերեւս կարծուի, թէ այս անսահման մտերմութեան պատճառը Ճանիկին հեզասահ եւ ներողամիտ խառնուածքն է: Ասիկա հեռու է ճիշդ ըլլալէ, որովհետեւ Սաթին յաճախ կ’ակնարկէ ճանիկին «քարոզներուն» եւ սուր երգիծանքով կը գրէ՝ «Շատ լաւ քարոզիչ կրնայիր ըլլալ»:
Նամակի մը մէջ Սաթին բիրտ անկեղծութեամբ գրեր է.
«Գիտես որ ամբողջ ընտանիքը Փարիզ կը գտնուի. չենք ուզեր մեր ժամանակը իրենց հետ անցընել»: Կարեւոր է իմանալ, որ ընտանիքը, որուն կ’ակնարկէ Սաթին, ի՛ր ընտանիքն է:
Որքան խիստ եւ անզիջող ուրիշներուն նկատմամբ, Սաթին ինքն իր հանդէպ ալ նոյն կեցուածքը ունի՝ նոյնքան խիստ է իր թերութիւններուն հանդէպ:
1926-ին Սաթին կը գրէ Ճանիկին.
«Կը սիրեմ քեզ եւ չեմ կրնար երկու օր այլ տեղ մնալ, որովհետեւ կ’ուզեմ քեզի վերադառնալ, հակառակ խոժոռութեանդ եւ սպառնալից ձեւերուդ. դեռ չըսելու համար իմ քմայքներս եւ ապուշութիւններս: Բայց au fond (խորքին մէջ) մենք իրապէս զիրար կը պաշտենք, չէ՞»:
Ճանիկին սէրը շատ աւելի գործնական է, յաճախ կը խօսի Սաթիի «էութեան հոգեբանական հարցերուն մասին» իր նամակներուն մէջ: Ասիկա մտածել կու տայ, որ իր բարդ սիրոյն մէջ դէպի Սաթին, հաւանաբար եղած է նաեւ այդ կինը ինքն իր անձէն «փրկելու» ազնիւ նպատակը:
Իր սիրոյն եւ իր բառերուն զօրութեամբ Ճանիկ կրցած է ոչ միայն սէր արթնցնել Սաթիին մէջ իր հանդէպ, այլ մղել զինք, որ դառնայ իր անձին լաւագոյն տարբերակը:
Զուր չէ ուրեմն, որ Ճանիկի մահէն ետք Սաթին, մինակ, միս-մինակ մնացած, առանց իր մեծ սիրոյ ներկայութեան, առանց իր լաւագոյն եւ մտերմագոյն բարեկամին, դառնայ վատագոյն տարբերակը իր անձին, զօրացած Alzheimer-ի գոյութեամբ:
Ո՞վ պիտի չուզէր նման սիրոյ մը առարկան ըլլալ եւ փոխադարձել զայն, միշտ աւելի վեր ձգտելով:
1-A World in Letters, Personal Letters of Janig H© Chaker, editor M© Yeramian, AGBU Cairo, Chaker Fund, 2023, Cairo, 350 pages© 
Մարուշ Երամեան