Հպարտութեամբ կը յայտնենք, որ Փարիզի Իսի Լէ Մուլինօ շրջանին մէջ կազմուած է ՀՅԴ «Արտակ Իշխանեան» Պատանեկան Միութիւնը։ Ընկեր Արտակ Իշխանեան անդամ էր ՀՅԴ ԱԵՄ-ին, ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան և ՀՄԸՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութեան։ Արտակ Իշխանեան զոհուած է 31 Հոկտեմբեր 2020-ին Արցախի Մարտունի քաղաքի մօտակայքը։ Յետմահու պարգեւատրուած է Մարտական Խաչ 2-րդ աստիճանի շքանշանով։ Արտակ Իշխանեանի մարմինը ամփոփուած է Եռաբլուրի զինուորական պանթէոնէն ներս։

Ամուսնացած է, ունի մէկ որդի։ Ան իր ծննդավայր Աշան գիւղին մէջ դպրոցական տարիքէն եղած է ՀՅԴ պատանեկան շարքերուն մէջ գործունեայ անդամ։ Դաւիթ Իշխանեան իր եղբօրորդիին՝ Արտակին մասին ըսած է. «Ես ուրախանում եմ՝ տեսնելով, որ մեր զաւակները մեր գործի շարունակողներն են։ Գուցէ մի քիչ զգացմունքային ստացուի, բայց ընդհանրութեան մէջ ճանապարհը, որ մենք որդեգրել ենք, շատ երկար ու դժուարին է լինելու, սա պէտք է գիտակցի իւրաքանչիւրը»։

Յաջողութիւն կը մաղթենք նորակազմ պատանեկան միաւորին եւ յարատեւութիւն՝ շարունակելու Արտակին եւ իր ընկերներուն նուիրական գործը։ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւն ՀՅԴ Նոր Սերունդ ՀՅԴ Ֆրանսայի Պատանեկան Միութիւններ