Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Զուիցերիա, մասնակցած է Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն կը յայտնեն, որ Վահագն Խաչատուրեան կը մասնակցի նաեւ համաժողովի շրջագիծէն ներս կազմակերպուող առանձին քննարկումներին: Նախատեսուած են նաեւ նախագահի երկկողմ հանդիպումներ շարք մը երկիրներու առաջնորդներու հետ: