—Բարեեե՜ւ,- լսեցի կատակասէր բարեկամիս ձայնը՝ հեռաձայնին միւս ծայրէն: Ե տառը տեւեց աւելի քան հինգ երկվայրկեան:

—Բարեւիդ՝ բարեւ ու կէս: Այս ո՞ւր ես, շատո՜նց ձայնդ չեմ լսած,— պատասխանեցի՝ Ո տառս իրեն չափ երկարելով:

—Կը ներես: Ճամբորդած էի, վերադարձիս ալ գործերու մէջ թաղուած էի,— բացատրեց կէս-կատակ շեշտով: — Այսօր ըսի՝ ձայն մը տամ, հալդ-քէֆդ հարցնեմ, եթէ ուշացած չեմ՝ նոր տարիդ շնորհաւորեմ եւ նայիմ, թէ նոր տարիդ ինչպէ՞ս կը հինցնես…

—Նոր տարիս սպառման ժամկէտին (expiry date) չէ հասած, ուշացած չես սեպուիր,— ընդմիջեցի նոյն տրամադրութեամբ:
Քանի մը ընթացիկ հարց-պատասխանէ ետք՝
Վերջին նորութիւնները լսեցի՞ր,— հարցուց, հասկցնելով, որ հասած է իր նորագոյն կատակը տոպրակէն դուրս բերելու պահը:

—Ո՞ր մէկը: Պաղեստինցիներուն ջարդին անարգել շարունակո՞ւմը… Ռուս-ուքրանական պատերա՞զմը եւ գերիներ փոխադրող օդանաւի մը ջախջախո՞ւմը… Իրանի մէջ ռմբային արարքնե՞րը… Կարմիր ծովուն եւ Իրան-Փաքիստան սահմանին վրայ՝ տաք պատերազմներու տարածման նշաննե՞րը, Լիբանա՞նը, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ ժողովրդային շարժումնե՞ր, որովհետեւ այլեւս չեն կրնար կերակրել եւ Իսրայէլի զինանոցները… Նորութիւնները այնքա՜ն շատ են որ մարդը չի կրնար աչքը մէկ վայրկեան նորութեան մը վրայ նստեցնել, երբ ահա այլ նորութիւն մը կը հինցնէ-կը մոռցնէ քիչ առաջ տեսած-լսածդ…

—Չէ՛, չէ՛, այդ տեսակի նորութիւններու մասին չէ հարցումս: Անոնք միշտ նորոգուող հիներուն ցանկին վրայ են: Մարդիկ վարժուեցան ամէնէն ողբերգական դէպքերն ալ դիտել իբրեւ սովորական բաներ. պետական ոճիրներ… քանդումներ… ասանկ բաները սովորական են եւ պէտք է զանոնք կլլենք իբրեւ թիւ ու տարածք: Իմ ըսածս ուրիշ նորութեան մը մասին է:

—Է՛, վե՛րջ տուր քաշքշելու սովորութեանդ: Ըսէ՛, թէ ի՞նչ կայ լեզուիդ տակը:

—Կը յիշե՞ս. Հայաստան ատեն մը առաջ յայտարարեց, որ նորէն արբանեակ մը նետած է, ատիկա նոր «աննախընթաց» մը աւելցուցած էր այս իշխանութեան «աննախընթացներ»ուն ցանկին վրայ: Գիտե՛ս, որ իրենցմէ առաջ Հայաստանի մէջ ոչի՛նչ եղած է, հիմա ամէն բան «զեռօ կէտ»ի տրամաբանութեամբ կ’ընեն եւ ամէն բան աննախընթաց է հայութեան կեանքին մէջ, մինչեւ իսկ ամէն բան զեռոյի հասցնելը աննախընթաց է:

—Նորէն կ’երկարե՜ս: Ըսէ՛, թէ ի՞նչ նորութիւն ունիս,—հարցուցի՝ անհամբերութիւն կեղծելով:
—Այդ արբանեակը աննախընթաց բան մը իրականացուցեր է: Պատմեմ: Այդ արբանեակին միջոցով, մեր գիտնականները յաջողեր են հաղորդակցութեան մէջ մտնել Անդենականին հետ եւ գաղտնալսել որոշ խօսակցութիւններ: Գաղտնալսելը հիմա մոտա է ամէն տեղ: Ահա՛ թէ ինչն է նորագոյն աննախընթացը:

—Այս ճամբորդութիւնդ կատակելու ախորժակդ քիչ մը աւելի բացեր է կարծես թէ…— ընդմիջեցի:
Չհարցուցիր, թէ ի՞նչ լսեր են, գաղտնալսումին արդիւնքը ի՞նչ եղեր է…

—Ըսէ՛ տեսնենք:
Լսեր են մօտաւորապէս հետեւեալ խօսակցութիւնը՝ Աստուծոյ եւ Հին Կտակարանի հերոսներէն մէկուն միջեւ:
Պատմէ՜ տեսնենք: Ի՞նչ է եղեր այդ խօսակցութիւնը:
Աստուծոյ ձայնը ըսեր է. «Որդի՛, Անուշիկ Յովսէփ, Յակոբի եւ Ռաքէլի ֆութպոլի խումոին սիրասուն բերդապահը: Դուն մարմնաւոր կեանքիդ մէջ լաւ գործեր տեսար, երազներու մեկնաբանի հռչակ շահեցար, եւ հիմա հոս անգործ կը պտտիս: Քեզ յատուկ առաքելութեամբ մը Հայաստան պիտի ղրկեմ: Դուն, որ փարաւոնին խրդին երազները մեկնեցիր եւ եգիպտացիրները սովահարութենէ փրկեցիր, հիմա ալ պիտի երթաս Հայաստան եւ հայերու նոր օրերու փարաւոնին՝ Նիկոլ փաշային երազները պիտի մեկնես, փրկարար նոր գործ պիտի տեսնես»:

—Է՞, երազներու մեկնիչը ընդունե՞ր է:
Ի՜նչ կ’ըսես: Աստուծոյ ձեռքը-ոտքը ինկեր եւ աղաչեր է. «Տէր Աստուած. մի’ներ, մ’ըլլար, զիս այդպիսի առաքելութեան մը մի՜ լծեր, ձե՛ռքդ պագնեմ, ո՛տքդ պագնեմ, անկարելի բան է ըսածդ»:

—Իմ գիտցած Աստուածս է նէ, որոշումէն ետքայլ չ’ըներ,- միացայ կատակին:

—Ճի՛շդ ես: Աստուած հաստատ մնացեր է իր որոշումին վրայ եւ պահանջեր է, որ Յովսէփ շուտով ճամպրուկը պատրաստէ եւ հրեշտակի թեւերով հասնի «Զուարթնոց»:
Խեղճ Յովսէփը ի՞նչ կրնար ընել…
Կրկներ է առարկութիւնը՝ ըսելով. «Տէր Աստուած: Փարաւոնին հետ գործս շա՜տ աւելի դիւրին էր: Այդ օրերուն, գործս քանի մը երազ մեկնել էր. ըրի՝ վերջացաւ, ամէն մարդ ինձմէ գոհ մնաց: Նիկոլ փաշային ո՞ր երազը մեկնեմ: Օրը նոր՝ երազները նոր: Երբեմն երազները կը վերածուին ժողովուրդը զբաղ պահող՝ պատկերասփիւռի սերիալներու, զանոնք հրապարակ կը նետէ, որպէսզի մարդիկ պարապ-սարապ բաներով տարուին եւ ինք յառաջ քշէ իր նեղ շահերը պաշտպանելու, հայերուն հայրենիքը կտոր-կտոր յանձնելու ծրագիրը, համաձայն «խաղաղութեան ծրագիր»ին, որ իր գրպանը դրած են թուրքերն ու ազերիները»:
«Աստուած Յովսէփի առարկութիւններով չէ բաւարարուած եւ պահանջած է, որ Անուշիկ Յովսէփը հիմնաւորէ զանոնք: Ան ալ սկսեր է թուել սապէս».
«Տէր Աստուած, այս արարածը փարաւորնէն աւելի՛ այլանդակ երազներ կը տեսնէ, մէկը միւսին հակասող, ընդհանրապէս իրականութիւնները անտեսող, ոտքի տակ առնող երազներ: Օր մը կ’արթննայ եւ կ’ըսէ, որ երազին մէջ տեսած է, թէ Արցախը Ազրպէյճանին կը պատկանի: Ուրիշ օր մը կ’արթննայ եւ կը յայտարարէ, որ երազին մէջ տեսած է, թէ Հայաստանի կարգ մը կղզեակները՝ անքլաւները Ազրպէյճանին պատկանած են եւ պէտք է զանոնք ալ Արցախի պէս վերադարձնէ տիրոջ: Ուրիշ օր կ’արթննայ եւ կը յայտարարէ, որ պատմութեան դասագիրքերը պէտք է ժամանակակից ըլլան, բառախաղեր կ’ընէ Հայոց Պատմութիւն եւ Հայաստանի Պատմութիւն բառերուն վրայ: Երազատեսը երբեմն գիւտեր ալ կ’ընէ Հայաստանի տարածութեան եւ սահմաններուն մասին: Երազները զինք կը հասցնեն թշնամիին եւ բարեկամին տարբերութիւնը չտեսնելու, մինչեւ իսկ թշնամիներուն գործը իր ձեռքով ընելու բարձունքներուն: Բանակի բարկարգումի ծրագիրներն ալ երազներէն կը բխին, եւ օր մըն ալ կ’որոշէ աղջիկները զինուորագրել, երբ եղած բանակը կարգին չէ սարքաւորած, սահմանային դիրքերը չէ ամրացուցած, խաղաղ պայմաններու մէջ բանակային զոհերուն թիւը մրցումի կ’ելլէ ճակատումներու զոհերու թիւին հետ:
«Երազները բազմագոյն են. ծիածանն իսկ կը նախանձի գոյներուն առատութեան, նրբերանգներուն: Ո՞ր մէկը յիշեմ: Վերջերս, օր մը արթնցաւ եւ դպրոցներ այցելելու ելաւ, որովհետեւ երազին մէջ տեսած էր, որ մարզադաշտեր որոշ օրէնքներու չեն ենթարկուած, բաղնիքներու ցնցուղները անորակ էին, արթուն վիճակի մէջ զայրացաւ եւ գործին չեկած պաշտօնատարներ քաւութեան նոխազ դարձուց: եմ դուն ալ չես մոռցած, որ քանի մը ամիս առաջ, երբ Արցախի վրայ ազերիական վերջին յարձակումը սկսած էր, երբ ի՛ր իսկ արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր, որ արցախցիք վտանգուած են, հայաթափում տեղի կ’ունենայ, ինք հրապարակ նետեց նոյն օրը տեսած երազը, ուր արցախցի հայերուն գլխուն որեւէ վտանգ չէր տեսած: Յետոյ, երազներն ալ սկսան դարձեալ իրար հակասել: Քանի մը անգամ երազ տեսաւ, որ ազերիները վտանգ կը սպառնան, յաջորդ օրը երազը իրեն թելադրեց խաղաղութեան օձիքը ձեռք առնել, յետոյ դարձեալ, օրուան երազին համաձայն՝ յայտարարեց, որ Ազրպէյճան խաղաղութեան քայլերը կը վտանգէ:
«Երազներուն մէկ այլ երանգապնակը կազմուած է ընդդիմադիրներուն եւ զինք չհանդուրժողներուն դէմ գծանկարներով: Եթէ երազին մէջ տեսնէ, որ նահատակ զինուորներու ծնողները պէտք է քաշքշելով հեռացնել Եռաբլուրէն, չի վարանիր հրահանգ տալու: Չի վարանիր նաեւ զինք քննադատողները բանտ նետելու կամ անբաղձալի տարր հռչակելու եւ Երեւանէն հեռացնելու, որովհետեւ երազին մէջ նման թելադրանք հասեր է իրեն: Քանի մը օր առաջ ալ, օր մը արթնցեր է եւ երազէն մեկնած՝ յայտարարեր է, որ Հայաստան նոր Սահմանադրութեան մը պէտք ունի՝ աւելի աշխուժ եւ մրցունակ ըլլալու համար: Անկէ առաջ, երազէն բխում առաւ Արարատը Արագածին մրցակից դարձնելու գիւտը: Շարունակե՞մ…
«Եթէ երազները այսքան խայտաբղէտ չըլլային, թերեւս յանդգնէի զանոնք մեկնելու ճիգ մը ընել: Հարցը հոն է, որ այս երազները մեծ մասամբ տեղական արտադրութիւն չեն, այլ ներածուած են, ճիշդ թրքական այն արտադրութիւններուն պէս, որոնք ողողած են Հայաստանի շուկաները: Երազները մէյ մը կը ներածէ Ազրպէյճանէն, ուրիշ անգամ մը՝ Թուրքիայէն, չի գիտեր, որ անոնք տարբեր պիտակով նոյն ապրանքն են: Որպէսզի ժողովուրդը զինք չայպանէ, որ թուրք-ազերիներուն գործակալն է, երբեմն երազներ կը ներածէ նաեւ Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, չի մոռնար Ռուսիան եւ այլ երկիրներ»:
«Աստուած համբերութեամբ մտիկ ըրեր է բացատրութիւնները, հիմնաւորումները, զանոնք գտեր է ճիշդ ու տեղին, սակայն մնացեր է իր որոշումին վրայ, ըսելով. Անուշիկս, մեր՝ երկնայիններուս դերը հոն է, որ նման դժուար կացութիւններու դարման գտնենք, խոչընդոտներու առջեւ կանգ չառնենք, չվհատինք: Քեզի շա՜տ աւելի դիւրին գործ մը կը վստահիմ, քանի ինչ որ վստահեցայ Միածինիս. Անոր տուի աշխարհի՛, ամբողջ մեղապարտ մարդկութի՛ւնը փրկելու առաքելութիւնը, քու գործդ միայն Հայաստանը պիտի ըլլայ: Գործ մի՛ ունենար Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ, պաղեստինցիներուն, քիւրտերուն ու եմէնցիներուն հետ, Ափրիկէ ալ ոտք մի դներ, թէեւ կրնաս կարօտաբաղձութիւն ունենալ Եգիպտոսի նկատմամբ: Գնա՛, փրկէ՛ հայերը, որոնք եղան Քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք ընդունող առաջին ժողովուրդը»:
«Անուշիկ Յովսէփը տուեր է վերջին բացատրութիւն մը, որ շշմեցուցեր է մինչեւ իսկ Ամենակալը: Ըսեր է. ինչպէ՞ս կրնամ ասանկ առաքելութիւն մը յանձն առնել ու փրկել հայերն ու իրենց հայրենիքը, երբ Փաշինեան փաշան միակ երազատեսը չէ: Երազատեսութիւնը վարակած է իր վարչախումբը (շնորհիւ պարգեւավճարներու եւ այլ հրապուրիչ բաներու), երազներու ուռկանին մէջ ինկած է զանգուածը, մինչեւ իսկ որոշ ընդդիմադիրներ եւ ամբողջ տեղեկատուութեան դաշտը: Ինչպէս ըսի՝ մարդը գիշերը ներածուած երազ մը կը տեսնէ եւ առաւօտուն բան մը հրապարակ կը նետէ, ամէն մարդ, ուզէ-չուզէ, կը սկսի անոր մասին խօսիլ, շատերը կը մոռնան, որ ասոնք զիրենք զբաղեցնելու եւ էական հարցերէ շեղելու դիտաւորութեամբ կ’ըլլան, անդին, երկիրը ձեռքէ կ’ելլէ մի՛շտ փախչող խաղաղութեան անուան տակ, ազերիական բանտերու մէջ մոռցուած գերիներ ու պատանդներ կան: Շատեր մտած են անոր երազներուն աշխարհը, ինչպէս հեքիաթին «Ալիսը եւ իր սքանչելիքներու աշխարհը»: Ինչպէ՞ս մեկնեմ մէկը միւսը հակասող, մէկը միւսը ժխտող երազները: Ո՞ր մէկուն երազին հասնիմ. նոր փարաւոնի՞ն, գործակիցներո՞ւն, թէ՞ իր սուտ ու փուտ երազներուն տարբերակներով վարակուածներուն, իրենց միտքն ու աչքը հլու հնազանդ փակողներուն: Հարցերը աւելի՛ կը բարդանան, որովհետեւ այս ցնորքներուն եւ խաբէութեանց ժխորին մէջ են ո՛չ միայն Հայաստանի բնակիչները, այլ նաեւ տարբեր գաղութներու մէջ բնակող տկարամիտներ, ալզայմըրէ տառապողներ: Մի՛ բարկանար: Ի՞նչ կրնամ կոչել զանոնք, բացի տկարամիտէ, երբ Հայաստանի ու Արցախի կորուստներուն իրականութիւնները, փաստերը չեն տեսներ, չեն ուզեր տեսնել, չեն կրնար ընդունիլ, որ երազատես փարաւո՛նն է այս բոլոր չարիքներուն աղբիւրը, իրենց թշնամիին երազները իրականացնողը»:
«Աստուած գլուխը առեր է ափերուն մէջ, պահ մը փորձեր է հասկնալ թէ իր երկրորդ ընտրեալ ժողովուրդին ի՞նչ պատահած է, ինչո՞ւ ան ինքզինք մատնած է ինքնալքումի, ինքնակորուստի: Յետոյ, սկսեր է փառաւոր մօրուքը շոյել, անցեր է իր նորագոյն համակարգիչին առջեւ, գտնելու համար ճատրակի խաղի նոր ծրագիր-տարազ մը, որ ըլլայ… աննախընթաց եւ օգնէ այսօրուան ու վաղուան ամբողջ պատկերը տեսնելու, ցոյց տայ մրցումը շահելու ձեւերը: Այնքան երկար մտածեր է, որ… քունը տարեր է եւ սկսեր է երազել»:
Վերջացուցի՞ր պատմութիւնդ: Միայն մէկ բան յստակ չեղաւ: Արբանեակը արձակուած էր «աննախընթաց» հոլովողներուն կողմէ, սակայն այնպէս կ’երեւի, որ անոր գաղտնալսածները երբեք ալ նպաստաւոր չեն փարաւոնին եւ իրեն հետեւողներուն համար: Փարաւոնը վաղը կրնայ պաշտօնանկ ընել նաեւ այդ արբանեակը…

Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ
26 Յունուար 2024