ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն յայտնած են, որ Մոսկուայի մէջ 22 Մարտին տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետեւանքով տուժածներուն և զոհերուն մէջ ՀՀ քաղաքացիներ եւ հայեր չկան:

Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը մշտական կապի մէջ է Ռուսիոյ իշխանութեան տեղւոյն մարմիններու հետ:

Նշենք, որ ահաբեկչական յարձակումին հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն թիւը ըստ «Երկիր»-ի հասած է 143-ի։