«Երկիր» կը հաղորդէ, որ Չորեքշաբթի, 5 Յունիսին խորհրդարանին մէջ 2018-ի պետական պիւտճէի կատարողականի քննարկումին ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ բռնութեան մասին: Վարչապետը դիտել տուաւ, որ բոլորին համար ալ մեծագոյն առաջնահերթութիւններէն մէկը բռնութենէ զերծ հասարակութիւն ունենալն է, ապա աւելցուց, որ Հայաստան բռնութենէ զերծ երկիր է:
«Օրինականօրէն պէտք է ձեւաւորենք բռնութենէ զերծ հասարակութեան տեսլականը, եւ բռնութեան այն դրսեւորումը, որ տեղ գտած է ՀՀ-ի մէջ, իմ գնահատականով, լուսանցքային, յետցնցումային երեւոյթ է: Որեւէ կասկած չկայ, որ բռնութիւն քարոզող եւ բռնութիւն գործադրող ուժերն ու անձերը, անկախ իրենց հանգամանքէն թէ իշխանութեան կամ ընդդիմութեան համակիրներ են, դուրս պիտի մղուին հասարակական եւ քաղաքական կեանքէ: Ի հարկէ, եթէ դուրսմղումի ընթացքը տեղի պիտի ունենայ հանրային քայլերու իբրեւ արդիւնք, ատիկա այլ պատմութիւն է, իսկ եթէ պէտք է իրաւապահ մարմինները արձագանգեն անոր, ատիկա բոլորովին այլ գործընթաց է», ըսաւ վարչապետը:
Փաշինեան ընդգծեց, որ, իբրեւ ՀՀ վարչապետ, խստօրէն կը դատապարտէ բռնութեան իւրաքանչիւր դրսեւորում: «Բռնութեան որեւէ դէպք, որեւէ դրսեւորում, որեւէ քարոզ, ատելութեան որեւէ դրսեւորում ՀՀ-ի մէջ տեղ չունի եւ պէտք չէ ունենայ: Կը կարծեմ, որ այս առումով ՀՀ-ի մէջ կայ հանրային համաձայնութիւն, որ ատիկա պէտք է արտայայտուի պետական հիմնարկներու գործունէութեան մէջ», եզրափակեց ան: