«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան 23 համայնքներու մէջ 9 Յունիսին տեղի ունեցան Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ, որոնք սկսան առաւօտեան ժամը 8.00-էն: Ընտրական տեղամասերու փակումը  իրիկունը ժամը 20:00-ին կատարուած է:

Համայնքի ղեկավար ու աւագանիի անդամ ընտրուեցան Արագածոտնի, Արմաւիրի, Արարատի, Գեղարքունիքի, Լոռիի, Կոտայքի, Շիրակի, Սիւնիքի եւ  Տաւուշի  շարք մը համայնքներու մէջ: 14 համայնքի մէջ  ընտրութիւններ կատարուեցան, որոնցմէ` 7-ին մէջ համայնքի ղեկավար ընտրուեցաւ, իսկ 8-ին` աւագանիի անդամ: 9 համայնքներու մէջ արտահերթ ընտրութիւններ տեղի ունեցան:

Նախնական տուեալներով, ընտրութիւններուն մասնակցած է 32.523 ընտրող կամ ընտրողներուն 44,36 առ հարիւրը: Առաւելագոյն մասնակցութիւնը արձանագրուած է Գորայք համայնքին մէջ, ուր ընտրութիւններուն մասնակցած է 1.408 ընտրողներու 76.07 առ հարիւրը, նուազագոյնը` Հայկաւան համայնքին մէջ, ուր ընտրութիւններուն մասնակցած է 970  ընտրողներու 16,49 առ հարիւրը:

Աբովեանի մէջ, ուր տեղի ունեցան քաղաքապետի ընտրութիւններ, իր քուէն տուած է 44.519 մարդ, ընտրողներու 40,83 առ հարիւրը:

Տաւուշի  մարզի Ազատամուտ համայնքին մէջ քուէաթերթիկներու  նախնական հաշուարկներով յաղթած է միակ թեկնածուն` համայնքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, ՀՅԴ-ի անդամ Վահագն Ալավերտեան: Անոր կողմ քուէարկած է 1.046 ընտրող, իսկ  դէմ` 36:

Համայնքին առաջադրուած էր երկու թեկնածու, երկրորդ թեկնածուն` Սեւատա Բալասեան, ընտրութիւններէն առաջ ինքնաբացարկութիւն յայտնած էր: Ազատամուտը ուռճացող համայնքներու ցանկին մէջ ներառուած է, եւ այս տարուան Հոկտեմբերին նոր ընտրութիւններ կը սպասուին այնտեղ: