ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Կիպրոսի կառավարական եւ կուսակցական շրջանակներուն հետ հանդիպումները կը շարունակէ:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը 12 Յունիսին հանդիպած է Կիպրոսի ԷԴԵԿ Ընկերվար Կուսակցութեան նախագահ Մարինոս Սիզոպուլոսին: Յիշենք, որ երկու կուսակցութիւններն ալ Ընկերվար Միջազգայնական Կազմակերպութեան անդամ են:
Հանդիպումին Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին ընկերակցած է ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի անդամ Սիմոն Այնէճեան: