«Հորիզոն».-14 Յունիսին, Քանատայի մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան Օթթաուայի մէջ ընդունեց Քանատայի հայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները։

Դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին հիւպատոս Արա Մկրտչեան բարի գալուստի խօսքէն ետք,  դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Քանատայի հայութեան եւ իր ուղերձին մէջ ըսաւ. «Դուք միշտ եղած էք դեսպանութեան կողքին, դեսպանատան կազմաւորման առաջին իսկ օրէն։ Ես կը վստահեցնեմ, որ այդ համագործակցութիւնը կը շարունակուի։ Կրկնակի մեծ պարտաւորութիւններ ունիմ որպէս առաջին կին դեսպան Քանատայի մէջ եւ յոյսով եմ, որ պատիւով պիտի կատարեմ իմ առջեւս դրուած առաքելութիւնը։ Ես ձեզմէ իւրաքանչիւրը դեսպանութեան մէկ փոքրիկ օղակը կը համարեմ »։

Ընդունելութեան ընթացքին դեսպանը ծանօթացաւ քանատահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեան եւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Շամլեան դեսպանին հետ առանձնազրոյցի ընթացքին յայտնեցին, որ դեսպանատան հիմնադրութենէն ի վեր Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը սերտօրէն գործակցած է դեսպանատան հետ եւ խոստացան յառաջիկային յատուկ հանդիպման մը ընթացքին իրազեկ պահել դեսպանին քանատական քաղաքական գետնի վրայ Հայ Դատի Յանձնախումբին ծաւալած քաղաքական բազմաշերտ գործունէութեան մասին։

Ընդունելութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի, ՀՅԴ Մոնթրէալի, Լաւալի, Օթթաուայի եւ Քէմպրիճի կոմիտէներու ներկայացուցիչները, Օթթաուայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչը, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Քանատայի Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչները, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը, ՀՕՄ-ի Լաւալի, Մոնթրէալի եւ Օթթաուայի ներկայացուցիչները, ՀԲԸՄ-ի պատուիրակութիւնը եւ համայնքի անհատ ներկայացուցիչներ։