Սուրիոյ հայ համայնքը վերակագնումի սեմին կը դիմագրաւէ այնպիսի դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարումը նոյնքան կարեւոր է համայնքը պահելու եւ վերաշխուժացնելու համար, որքան վերակառուցումը:
Ներկայիս գլուխ կը ցցեն յատկապէս ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարումը կը յամենայ առաւելաբար ծրագրերու բացակայութեան հետեւանքով:
Ընկերային գետնի վրայ, հայութեան թիւին նուազումին հետ, նկատելի են քանի մը երեւոյթներ: Առաջինը՝ ոչ հայ աշակերտներ հայկական կարգ մը վարժարաններէ ներս ընդունուելով օտար աշակերտներու համեմատութեան աճն է: Սա բացասական անդրադարձ կþունենայ հայերէնախօսութեան, հայկական աւանդոյթներու եւ բարքերու պահպանման վրայ: Երեւոյթ մը, որ աշակերտներու ընկերային կեանքին վրայ եւս իր ազդեցութիւնը կրնայ թողուլ, զիրենք աստիճանաբար հեռացնելով հայկական միջավայրէն, հայերէն խօսելու, կարդալու, գրելու եւ հայապահպանման նպաստող աշխատանքներուն մասնակցելու կարելիութիւններէն, չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք նաեւ, որ այս երեւոյթը հետագային կրնայ խրախուսել օտար ամուսնութիւնները:
Ինչպէ՞ս յաղթահարել ուրեմն այս դժուարութիւնները, անկախ հայ աշակերտները հայկական միութիւններու եւ ակումբներու շուրջ համախմբելէն, անոնց մօտ հայերէնի ու հայկական տարբեր արժէքներու նկատմամբ հետաքրքրութիւն ստեղծելէն: Ե՞րբ երեւելի պիտի դառնան այս ոլորտին առնչուող հեռանկարային ծրագրերու մշակումն ու իրագործումը…:
Երկրորդը՝ հայկական դիմագիծ ունեցող թաղամասերու ժողովրդագրական պատկերին փոփոխութիւնն է: Այսօր, ցաւօք, գոյութիւն չունին հայութեամբ հոծ թաղամասեր, նոյնիսկ Հալէպի երբեմնի հայկական շրջաններուն մէջ, եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ ակումբներուն շուրջ հոծ հայութեամբ բնակելի շէնքեր չկան այլեւս, իսկ կարգ մը շէնքեր ու բնակարաններ անբնակելի են տարիներէ ի վեր:
Միթէ՞ կարելի չէ, որպէս առաջին քայլ, այդ շրջաններու ոչ-բնակելի կամ ազգային շէնքերը բնակեցնել նորակազմ հայ ընտանիքներով, նիւթական դիւրութիւններ ընծայելով անոնց: Կարելի չէ՞ երիտասարդներուն յատկացնել փակ մնացած բազմաթիւ խանութներն ու գործատեղիները ու բանեցնել զանոնք՝ շարժում ստեղծելով այդ շրջաններուն մէջ, միաժամանակ երիտասարդութեան դիմագրաւած տնտեսական շատ մը դժուարութիւններուն մասնակի լուծման նպաստելով:
Ընկերային այլ հարցի մը դուռ կը բանայ սուրիահայ տղոց արտագաղթը՝ ուսման, աշխատանքի կամ բարւոք կեանքի որոնման հեռանկարով: Սա համայնքէն ներս իգական սեռի թիւին համեմատութիւնը ոստումնային տոկոսներով կը բարձրացնէ՝ դուռ բանալով ընկերային հարցերու, առիթ ընծայելով օտար ամուսնութիւններու:
Տնտեսական գետնի վրայ եւս անգործութեան, պաշտօնէութեան անբաւարար վարձատրութեան եւ աշխատանքի առիթներու բացակայութեան երեւոյթները մեծ դեր կը խաղան երիտասարդ տարրը գաղթի մղելու իմաստով:
Ազգային եւ համայնքային մարմինները շէնքեր վերակառուցելու կողքին լրջօրէն մտածելու են տնտեսական ծրագրերու, աշխատանքի առիթներու ստեղծման այլազան միջոցներու եւ քաջալերական պայմաններու ստեղծման մասին:
Պետական կամ քոյր համայնքներու մակարդակներով կիրարկուող կարգ մը ծրագրերը ողջունելի են այս իմաստով: Հայ համայնքէն ներս, սակայն, հազուագիւտ են, երբեմն ալ կը բացակային հեռանկարային, ապագայատեսիլ նման ծրագրեր: Ու որքան ուշանայ ծրագրաւորումը, այնքան արագ երեւելի պիտի դառնայ վերոյիշեալ դժուարութիւններուն բացասական արդիւնքը մեր համայնքին վրայ:
Ներկայ պահը այսպիսի ծրագրերու անյապաղ մշակում կը պահանջէ: