«Ակունք».-Խարբերդի (ներկայիս թրքական պաշտօնական անուանումը` Էլազըղ) Ալաջաքայա գաւառին ենթակայ Բաղին շրջանին մէջ գտնուող հայկական պատմական շինութիւնները կ’ենթարկուին գանձագողերու քանդումներուն:

Թրքական լրատուամիջոցներուն հաղորդումներուն համաձայն, Ալաջաքայա գաւառէն 21 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող մօտ 600-ամեայ պատմական բնակավայրը լիովին վերանալու վտանգի տակ է: Այդ շրջանին, ուր ենթադրաբար գտնուած են 2 հայկական եւ 1 մահմետական թաղամասեր, բացի բնակատեղիներէն, կան նաեւ եկեղեցի, ջրաղաց եւ գերեզմաններ:

Ժայռոտ եւ ընդարձակ տարածքի մէջ կառուցուած այդ պատմական բնակավայրին մէջ գտնուող կառոյցները բաւական ուշագրաւ են եւ կրցած  են պահպանել իրենց պատմական առանձնայատկութիւնները եւ հասնիլ մեր օրերը:

Թրքական աղբիւրին մէջ  յիշուած է, թէ մինչեւ օրս որեւէ գիտական ուսումնասիրութիւն չէ կատարուած այս տեղանքին մէջ: Դարեր շարունակ բազմաթիւ բնական աղէտներ դիմակայած սոյն պատմական կառոյցները վերջին շրջանին սկսած են աւերուիլ գանձ որոնողներու կողմէ, որոնք չեն բաւարարուիր պատմութիւնը ոչնչացնելով, այլ նաեւ 600-ամեայ հայկական գերեզմանները բանալով` կը փորձեն գտնել ոսկիի նման արժէքաւոր մետաղներ:

Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ բացուած գերեզմանները չեն փակուիր, բաց կը մնան եւ  շրջակայ գիւղերուն բնակիչները կը խնդրեն այդ պատմական շինութիւնները կարելի եղած չափով արագ պահպանման տակ առնել  ու  վերականգնելով` փոխանցել հետագայ սերունդներուն:

Թարգմանեց
Մելինէ Անումեան