«Արմէնփրէս».- Արցախի խորհրդարանէն ներս 14 Յուլիսին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովներու միատեղ նիստը, որ վարած են յանձնաժողովներու նախագահներ Յովիկ Ջիւանեան եւ Վլատիմիր Վարդանեան: Նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած էր մէկ հարց` Արցախի Հանրապետութեան Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծի քննարկումը:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինի տեղեկութեան համաձայն, նիստի բացման ԱՀ ԱԺ պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Յովիկ Ջիւանեան ողջունած է միատեղ նիստի կազմակերպումը` ընդգծելով երկրի համար կարեւոր իրաւաքաղաքական փաստաթուղթի` Ընտրական օրէնսգիրքի շուրջ տարբեր ձեւաչափերով կազմակերպուած քննարկումներու անհրաժեշտութիւնը:

ՀՀ Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեան բացման խօսքին մէջ կարեւոր համարած է հայկական երկու հանրապետութիւններու խորհրդարաններուն միջեւ գործնական կապերու նշանակութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած` արդիւնաւէտ քննարկումներ կատարելու ընտրական օրէնսգիրքին շուրջ:

ԱՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան ողջունած է երկու յանձնաժողովներու միատեղ նիստը` ընդգծելով, որ այսպիսով գործնականօրէն կը դրսեւորուի խորհրդարաններու միջեւ գործակցութիւնը, որ փոխադարձաբար օգտակար է օրէնսդրական փորձի փոխանակման համար: Անդրադառնալով ընտրական օրէնսգիրքին, խորհրդարանի նախագահը յայտնած է, որ նախագիծին շուրջ քննարկումները կազմակերպուած են` ապահովելով լայն մասնակցութիւնը ինչպէս Արցախի արտախորհրդարանական ուժերուն, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հաստատութիւններուն եւ փորձագիտական համայնքի ներկայացուցիչներուն:

Ներկայացնելով Արցախի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծը` Արցախի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար Արարտ Դանիէլեան անդրադարձած է նաեւ խմբակցութիւններու կողմէն ներկայացուած առաջարկութիւններուն եւ պատասխանած է երկու խորհրդարաններու պատգամաւորներուն հարցումներուն:

Միատեղ նիստին արդիւնքները ամփոփուած են յանձնաժողովներու նախագահներ Յովիկ Ջիւանեանի եւ Վլատիմիր Վարդանեանի հարցազրոյցին ընթացքին: