«Երկիր».- Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ 7-էն 13  Յուլիսին Արցախա-Ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին հակառակորդը հրադադարի պահպանման պայմանագիրը խախտած է աւելի քան 90 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 800 կրակոց:

Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը լրջօրէն կը հետեւին հրադադարի պայմանագիրի պահպանման եւ կը  շարունակեն վստահօրէն իրագործել իրենց առջեւ դրուած մարտական հարցը: