«Արմէնփրէս».-Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին որոշումով հաստատուած են ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մշակման միջգերատեսչական յանձնախումբի ստեղծումը, յանձնախումբին կազմը եւ գործունէութեան կարգը:
Որոշումին համաձայն, Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մշակման նպատակով Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի ղեկավարութեան հովանիին տակ ստեղծուած է Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մշակման աշխատանքները համակարգող միջգերատեսչական յանձնախումբ, որուն անդամներն են Կառավարութեան անդամները (բացառութեամբ ՀՀ վարչապետի եւ փոխվարչապետերուն), Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէնը, Ոստիկանութեան պետը, Զինեալ Ուժերու Զօրավար Շտապի պետը, Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի նախագահը, Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու ու Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովներու նախագահները, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը, Պետական Վերահսկողութեան Ծառայութեան պետը, Կեդրոնական դրամատան նախագահը, Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի նախագահը, ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի գրասենեակի ներկայացուցիչը (յանձնախումբի քարտուղար):

Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին յանձնարարուած է Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան նախագիծը մէկ տարուան ընթացքին ներկայացնել Անվտանգութեան խորհուրդի հաւանութեան` ՀՀ վարչապետի աշխատակազմին ներկայացնելու համար: