28 Յուլիսին ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է, որ Արցախ-Ատրպէյճան սահմանին վրայ կորուստ ունեցած ենք: ՀՀ սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ ատրպէյճանական կողմին կրակոցին հետեւանքով նահատակուած է ՀՀ զինեալ ուժերու պայմանագրային զինուորական ծառայող 1995-ի ծնունդ Արման Արայիկի Պուլղատարեանը: