Կիրակի, 28 Յուլիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Այլակերպութեան տօնին առիթով, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան:

Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը:

Դպրաց Դասը արարողութեան երգեցողութիւնը հոգեխօս առոգանութեամբ կը մեկնաբանէր: Աղօթաբոյր մթնոլորտը երկիւղած պաշտամունքին հարազատ պատկերը կը պարզէր: Լուսածարաւ հոգիներ եկած էին օրուան խորհուրդին հաղորդ դառնալու: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քարոզին մէջ Այլակերպութեան տօնին մասին հակիրճ բացատրութիւն տուաւ, ապա Աւետարանի հատուածէն մեկնելով խորհրդածութիւն կատարեց, որուն ընդմէջէն հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն հետամուտ ըլլալ թելադրեց: Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Այլակերպութեան տօնը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար հրաւէր է, աղօթքով պայծառակերպուելու, աստուածամերձ կեանք ապրելու, մեր ներաշխարհը արդարութեամբ մաքրազարդելու եւ աղօթքի ճամբով Աստուծոյ հետ մշտական հաղորդակցութիւն ունենալու: Ճշմարտութեան ճանաչման համար Քրիստոսի մօտենալու ենք, Իրմով միայն կարելի է բարձրանալ դէպի սրբութեան մակարդակ, դառնալու համար Աստուծոյ սեփականութիւնը, եւ ոչ մեղքին ստրուկը: Ըլլալու ճշմարտութեան վկաներ, եւ ոչ ստութեան կողմնակիցներ: Հետեւաբար, կանչուած ենք նոր ոգիով, նոր շունչով եւ ապագայատեսիլ սեւեռումներով թարմացնելու մեր գոյերթը, որպէսզի իրողապէս ապրինք հոգեւոր, իմացական եւ ազգային պայծառակերպութիւն մը»։

Պատարագի աւարտին Դպրաց Դասէն կազմուած թափօրը ընթացաւ դէպի Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակ, որուն ընթացքին սրբազան հօր ձեռամբ ջուրի սրսկում տեղի ունեցաւ, որպէս տօնին հետ առնչուած բարեպաշտական սովորութիւն եւ օրհնութիւն բաշխելու արտայայտութիւն: Ապա հնչեց «Կիլիկա» մաղթերգը:

Սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով արարողութիւնը աւարտին հասաւ։

Խորէն Քահանայ Պէրթիզլեան