24-28 Յուլիսին Ուքրանիոյ Լուով քաղաքի մօտակայքը տեղի ունեցաւ հոլանտական «Մաքս Վան Դեռ Շտոել» հիմնադրամի, Ուքրանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութեան եւ Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան կազմակերպած «Ընկերվարութեան եւ Ժողովրդավարութեան ակադեմիայի» ամէնամեայ ամառնային հաւաքը:

Հաւաքին կը մասնակցէին երիտասարդներ 5 երկիրներէն` Հայաստան, Վրաստան, Մոլովա, Ուքրանիա, Պելառուս: ՀՅԴ-էն կը մասնակցէին ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական Միութեան անդամ Մարիամ Ռեւազեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամ Վարդան Պապիկեան:

Աշխատանքներու ընթացքին քննարկուեցան ընկերային արդարութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ ընկերվար կուսակցութիւններու գործունէութիւնն ու աշխուժութիւնը նշուած երկիրներու մէջ: Ուքրանական «ընկերվար-ժողովրդավարութեան հարթակ» կազմակերպութեան անդամները իրենց քաղաքական փորձը ներկայացուցին մասնակիցներուն:

Ծրագիրին մէջ քննարկուեցան նաեւ աշխարհաքաղաքականութեան, փտածութեան դէմ պայքարի եւ մարդու իրաւունքներուն առնչուող հարցեր:

Ակադեմիայի աշխատանքներու ընթացքին մասնակիցները ձեռք բերին նոր հմտութիւններ ու գիտելիքներ, որոնք հետագային պիտի օգտագործեն իրենց յառաջիկայ քաղաքական գործունէութեան մէջ: