Երեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ուաշինկթըն, շարունակելով միջազգային օրէնքներու խախտումը, «Միջազգային Դաշինք»ին պատկանող տասնեակ բեռնատարներ եւ զինուորական սայլեր Գամիշլի ուղղարկած է, աջակցելու  ՔԱՍԱՏ-ի զինեալներուն: Վերջինս տեղւոյն բնակչութեան դէմ յարձակումներ կը գործէ, արեւելեան շրջանի քարիւղը թալանի կ’ենթարկէ եւ իր կարելին ի գործ կը դնէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնը զարգացնելու տարբեր ոլորտներու մէջ: Աղբիւրը յայտնեց, որ ամերիկեան բեռնատարները մուտք գործած են «Սիմալքա» միջանցքէն, որ Հասիչէ նահանգը կը կապէ Իրաքի հիւսիսային շրջանին եւ Գամիշլիին:

Նախորդ ամսուան կիսուն լրատուական աղբիւրներ յայտնաբերեցին պաշտօնական նամակ մը, ըստ որուն իսրայէլեան «Քահանա» ընկերութիւնը կը ներկայացնէ «Ժողովրդավար Սուրիոյ Խորհուրդ»ը, որպէս միջնորդ՝ վերջինիս գողցած սուրիական քարիւղը վաճարելու: