«Էրմէնիհապեր».- Պենթակոնի խօսնակներէն Մայոր Շոն Ռոպերտսըն յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ ստեղծուելիք անվտանգութեան գօտիին համար յառաջիկայ օրերուն ԱՄՆ-էն պատուիրակութիւն մը եւս պիտի մեկնի Թուրքիա:
«Թուրքիոյ մէջ գտնուող զինուորականները ՆԱԹՕ-ի մեր դաշնակիցին հետ կ’աշխատին: Այդ աշխատանքներուն աջակցելու նպատակով մօտ ատենէն Թուրքիա պիտի մեկնի զինուորական մէկ պատուիրակութիւն մը եւս», ըսած է Մայոր:
Ամերիկացի զինուորականները Թուրքիոյ մէջ պիտի քննարկեն անվտանգութեան գօտիի համակարգման եւ ղեկավարման համատեղ գործողութիւններու կեդրոնի ստեղծման հարցը, որուն շուրջ համաձայնութեան հասած էին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած եռօրեայ թուրք-ամերիկեան բանակցութիւններու ընթացքին:
Թէեւ թրքական լրատուամիջոցները կը յայտնէին, որ ԱՄՆ-ի ու Թուրքիոյ միջեւ համաձայնութիւն կայ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու հարցին շուրջ, այնուամենայնիւ, հրապարակուած յայտարարութեան մէջ որեւէ խօսք չկար անվտանգութեան գօտիի սահմաններուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ քիւրտ զինեալներուն մասին:
Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ-ն կը պահանջէ, որ անվտանգութեան գօտին ունենայ 14քմ. խորութիւն, իսկ Թուրքիան կը ձտգի մինեւ 40 քմ. խորութեամբ գօտի մը ստեղծել:
Թրքական կողմը նաեւ կը պահանջէ, որ իր կողմէն ահաբեկչական համարուող Սուրիոյ քրտական ուժերը դուրս գան ստեղծուելիք ավտանգութեան գօտիէն:
Անգարան ԱՄՆ-ին կը սպառնայ նաեւ առանձին ստեղծել այդ անվտանգութեան գօտին, եթէ երկուստեք չյաջողին վերջնական համաձայնութեան գալ: