14 Օգոստոս 1896-ին,  26 դաշնակցական անձնուրացներ, Բաբգէն Սիւնիի հրամանատարութեամբ գրաւեցին Կոստանդնուպոլսոյ օսմանեան դրամատունը: Բաբգէն Սիւնի նահատակուեցաւ դրամատան սեմին,  Արմէն Գարօ առանց երկմտելու ղեկավարեց գործողութիւնը Հայկ Թիրեաքեանի՝ Հրաչի օգնութեամբ:
Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէին որոշումով կազմակերպուած Պանք Օթոմանի գործողութիւնը բռնութեան դէմ յեղափոխական հայուն պոռթկումն էր:
Օսմանեան Կայսրութեան իշխող տարրը բռնարարքներով, ջարդերով վերջ կ’ուզէր տալ տարրական իրաւունքներ պահանջող փոքրամասնութիւններու գոյութեան: Այլամերժութեամբ, մարդասպանութեամբ կայսրութիւն պահելու  հոգեբանութեան դէմ պայքարը նուազագոյն իրաւունքն էր իրաւազրկուած ժողովուրդներուն:
«Հայկական հարցը կը թաղուի, պէտք է կռուինք եւ յարութիւն տանք անոր: Եթէ մեր նպատակին մէջ յաջողինք, ի զո՜ւր չէ մեր թափած արիւնը: Հակառակ պարագային, մեր եղբայրները պիտի շարունակեն մեր սրբազան դատը աւելի ու աւելի կատաղօրէն եւ աւելի հաւատքով», ըսած էր Բաբգէն Սիւնի:
Այս գործողութեամբ հայ յեղափոխականները յստակ ուղերձներ յղեցին արեւմտեան գերտէրութիւններուն՝ ամէն ջանք թափելով դադրեցնելու համար Պոլսոյ անմեղ հայերուն կոտորածը, գրաւոր երաշխիք տալու հայկական նահանգներուն մէջ բարենորոգումներու իրականացման համար եւ ազատ արձակելու հայ քաղաքական բանտարկեալները:
Իրականութեան մէջ, անիրականանալի պահանջներ չէին այս բոլորը քաղաքակիրթ իշխանութիւններու պարագային, ոչ ալ կայսրութեան պարագլուխներուն սպառնացող պահանջներ, սակայն բարբարոս ու այլամերժ բռնապետները ինչպէ՞ս կրնային ընդունիլ ու յարգել իրաւունքները ազգի մը, երբ իրենց նախնիներէն ժառանգած էին սպանելով տիրելու եւ խլելու մշակոյթը:
Միւս կողմէ, մեծ պետութիւններուն անտարբերութիւնը, օսմանցի դահիճներու անմարդկային արարքներուն նկատմամբ դրսեւորած թողութիւնը,  առիթ կը հանդիսանային, որ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ծայր առնէ  վայրագութիւններու նոր ալիք մը:  Ալիք մը, որ այդ  տարիներուն իր արտայայտութիւնը գտաւ ջարդով, աւելի ուշ ցեղասպանութեամբ ու իշխող տարրին ու անոնց ժառանգորդներուն մէջ ամրագրեց բռնատիրութեան օսմանեան տրամաբանութիւնը:
Բաբգէն Սիւնին, Արմէն Գարօն, Հրաչն ու անոնց ընկերակցող 23 յեղափոխականները վտանգի ենթարկեցին միջազգային դրամագլուխներու կեդրոն հանդիսացող Կոստանդնուպոլսոյ մեծագոյն դրամատունը՝ Պանք Օթոմանը, որովհետեւ այդ օրերուն համոզուած էին, որ հայ ժողովուրդի նուազագոյն իրաւունքները անտեսող, սպանութեան եւ թալանի սպառնալիքներով հայութեան արդար պոռթկումը կանխել փորձող խաւարամիտներուն դէմ դնելու համար անօգուտ էր քաղաքակիրթ պայքարը, անհրաժեշտ էր իրենց  լեզուով, իրենց շահերը վտանգելով խօսիլ, պայքարելու իրենց վճռակամութիւնը արձանագրելով պատմութեան էջերուն վրայ ու սերունդներուն ուղղելով այն յստակ պատգամը, թէ իրաւունքները չեն հրամցուիր, այլ կը խլուին յեղափոխական պայքարով, ժամանակի համապատասխան զէնքերու օգտագործումով:
Ինչպիսի՞ ողբերգութիւն ապրած պիտի ըլլային երիտասարդներ, իրենց ժողովուրդին ցաւն ու տառապանքը որքա՞ն անհանդուրժելի պիտի ըլլային, որ դիմէին նման յանդուգն քայլի, իրենց կեանքն իսկ վտանգի ենթարկելով:
Այդ տառապանքը աննկարագրելի էր, զրկանքը անհանդուրժելի, իսկ միջազգային հանրութեան անտարբերութիւնը աններելի:
Պանթ Օթոմանը արդար պոռթկումն էր բռնապետներուն դիմաց գլուխ չխոնարհեցնող յեղափոխականներու, պայքարի դրօշը ամէն պարագայի տակ վար չառնող ազատութեան երգիչներու:
Եթէ չհնչէր այդ երգը, տարիներ ետք պիտի չհնչէր անկախ Հայաստանի օրհներգը:
Պանք Օթոմանը նաեւ ամօթի խարան մըն էր միջազգային ընտանիքին ճակտին, անոր ապիկարութեան եւ անվճռական մօտեցումներուն համար:
Քաղաքական, տնտեսական իրենց նեղ շահերէն անդին քայլ մը չառնող գերպետութիւններուն անտարբերութիւնը սեփական բազուկին վստահելու համոզումով օժտեց հայ յեղափոխականները:
Աւելին. համոզում գոյացուց, որ պայքարը պիտի շարունակուի տարբեր մակարդակներու վրայ, տարբեր միջոցներով, որովհետեւ արդարութիւնը տեղ չէր գտած ու չգտաւ Օսմանեան Կայսրութեան եւ հետագային Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ:
Նորօսմանեան մտայնութեամբ գործող բռնապետները կը վկայեն այս մասին, երբ կը շարունակեն նոր տեսքով, բայց նոյն մտայնութեամբ ու լեզուով խօսիլ տարրական իրաւունքներ պահանջող փոքրամասնութիւններու հետ:
«Գ.»