«Արմէնփրէս».-Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ մեծ հանդիսութեամբ իր աւարտին հասաւ Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը:
Փակման արարողութեան սկիզբը ներկաներուն իր խօսքով դիմեց Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան` շնորհակալութիւն յայտնելով խաղերուն իրենց աջակցութիւնը բերած բոլոր պետական եւ ոչ պետական կառոյցներուն, մասնակիցներուն եւ մրցավարներուն, ինչպէս նաեւ լրագրողներուն:
«Խաղերը հաստատուն կամուրջ դարձած են Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միջեւ», շեշտեց Զաքարեան: Ապա ան ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանին պարգեւատրեց Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուոյ շքանշանով: Ներկաներուն հրաժեշտի խօսքով դիմեց նաեւ Համահայկական խաղերու հիմնադիր անդամներէն Ալպերթ Պոյաճեան` շեշտելով, որ մարզանքով կը միաբանուին Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը: Պոյաճեան կոմիտէին անունով Իշխան Զաքարեանին պատուոյ շքանշան շնորհեց:
«Միսս համահայկական խաղեր» անունը ստացաւ Ռուսաստանի ձեռնագնդակի խաղցող Աննա Թունեան: Լաւագոյն մարզական պատուիրակութիւնը Ռուսաստանի ընդհանուր խումբն էր, «Արդար խաղի» մրցանակը ստացաւ կողովագնդակի (պասքէթի) Հալէպի աղջիկներու խումբը: Համահայկական խաղերու յայտնութիւն դարձաւ Տուպայի պատուիրակութիւնը: «Կարգապահութեան եւ մարզական ոգիի» մրցանակը իրենց հետ հայրենիքէն կը տանին Վիեննայի խումբը: Համահայկական խաղերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ լաւագոյն քաղաքներ ճանաչցուեցան Էջմիածինի եւ Աւստրալիայէն Սիտնիի պատուիրակութիւնները: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պարգեւատրեց բոլոր մրցանակակիրները:
«Համահայկական խաղերու 14 օրերու ընթացքին մենք վայելեցինք միասին ըլլալու բերկրանքը: Ապացուցեցինք, որ մենք ենք եւ միասնական ենք: Փակման արարողութիւնը կը խորհրադանշէ , որ աշխարհի բոլոր հայերուն համար կայ մէկ մայրաքաղաք` Երեւանը: Անկախ քաղաքական եւ կուսակցական պատկանելութեան, մենք միշտ միասնական պիտի ըլլանք: 8-րդը աւելի մեծ պիտի ըլլայ», ըսաւ Փաշինեան: Վարչապետը շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցներուն եւ կազմակերպիչներուն ու խաղերը փակուած յայտարարեց:
7-րդ Համահայկական ամառնային խաղերուն այս տարի կը մասնակցէր 5244 մարզիկ` աշխարհի 35 երկրէն 161 քաղաքէն: Խաղերուն քանի մը մարզաձեւեր կատարուեցան Ստեփանակերտի, Մարտակերտի եւ Ասկերանի մէջ, իսկ հիմնական պայքարը Երեւանի մէջ ծաւալեցաւ: Այս տարի կը մասնակցէր 3 նոր երկիր` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Իրաքը եւ Չեխիան: