«Ապառաժ».-«Ամէն հայ պէտք է զգայ, որ առանց իրեն հայրենիքը կը փլի»: Այս խօսքերը կը պատկանին Արցախի Հանրապետութեան Ստեփանակերտի առաջին վաշտի հրամանատար, «Արցախի հերոս», «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր, ՀՅԴ անդամ Բեկոր Աշոտին (Աշոտ Ղուլեան, Ասկոլկա):

Արցախի հերոսին յիշատակին օրը` 24 Օգոստոսին, Ստեփանակերտի մէջ տեղադրուած անոր յուշարձանին մօտ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, ԱՀ ոստիկանապետ Լեւոն Մնացականեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամները, Բեկորի մարտական ու կուսակցական ընկերները, ընտանիքին անդամները, անոր անունը կրող դպրոցի ուսուցիչները, աշակերտներ եւ մարզիկներ:

Ձեռնարկին ընթացքին կատարուած է Աշոտ Բեկորի յիշատակին Արցախի բռնցքամարտի միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած յուշամրցաշարքին բացումը: Յուշամրցաշարքին  մասնակցած են Արցախի  եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններէն աւելի քան 150 մարզիկներ:

Այս տարի կ’ամբողջանայ Բեկորի մահուան 27-ամեակը: Բեկորի այրին՝ Նելլի Ղուլեան յայտնած է, որ յիշատակի այս օրը ընտանիքին համար մեծ սփոփանք է, որ մինակ չեն:

Աշոտ Ղուլեանին անունը կրող Ստեփանակերտի թիւ 2 դպրոցի ուսուցչուհի Կարինէ Տատայեան իր խօսքին մէջ կարեւոր համարած է Բեկորի ու անոր մարտընկերներուն օրինակով մատղաշ սերունդը դաստիարակելը: «Անոնց կենդանի շունչը ամէն օր ոգի կու տայ հայ մանուկներուն եւ մեզի», ըսած է Կարինէ Տատայեան:

Ազատամարտիկ Վահրամ Ղահրամանեան իր ելոյթին մէջ դիտել տուած է, որ Աշոտ Ղուլեանի արժէքը կը ներկայացնէ մեր անցած ամբողջ մարտական ուղին, կ’ամբողջացնէ յաղթանակի ճանապարհը. «Աշոտ Ղուլեան բոլորիս մտապատկերին մէջ մնացած է նոյն ժպտերես, ծաղկուն դէմքով տղան, մենք կը մեծնանք, կը ծերանանք, բայց ինքը մեր բոլորին մտապատկերին մէջ կը մնայ նոյնը»:

ԱՀ Պաշտպանութեան Բանակի  զօրամասերէն մէկուն սարկաւագ, գնդերեց Մանաւազդ Մկրտչեան անդրադարձած է Բեկորի մարդկային  յատկանիշներուն.

«Բեկորը եւ անոր նմանները զոհեցին ամենաթանկը` յանուն այն հայրենիքին, որուն մէջ այսօր մենք կ’ապրինք: Աշոտ Ղուլեան իր կեանքը բեկորներու բաժնեց եւ նուիրեց մեզ եւ անոր բեկորները այսօր անթեղուած են բոլորիս սրտերուն ու հոգիներուն մէջ եւ կ’արտայայտուին մեր գործերով»: