«Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 25 Օգոստոսին իր տիկնոջ` Աննա Յակոբեանին եւ դուստրերուն հետ այցելած է Կիւմրի եւ մասնակցած է Կիւմրիի օրուան նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն: Այս տարի Կիւմրիի օրուան նուիրուած ձեռնարկները տեղի ունեցած են «Վարպետներու քաղաք Կիւմրի» խորագիրով:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին այցելութիւնը Կիւմրիիի մէջ սկսած է հիմնանորոգուած Շիրազի փողոցէն: «Անի» փողային նուագախումբի կատարողութեամբ հնչած է «Կիւմրի-լենինական»ը, ապա հանդիսաւոր կերպով բացուած է Շիրազի փողոցը: Փողոցին մուտքը երիզող կարմիր ժապաւէնը կտրած են մեծանուն հայ բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի թոռները:

Կառավարութեան ղեկավարը շրջած է Կիւմրիի փողոցները, ողջունած է դուրսը հաւաքուած կիւմրեցիները, շնորհաւորած է անոնց քաղաքի օրուան առիթով եւ բարեմաղթութիւններ յղած: Շիրազի փողոցին մէջ շրջայցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ծանօթացած է Կիւմրիի գեղագիտական կեդրոնի սաներուն ցուցահանդէսին, ինչպէս նաեւ արհեստներու ու արուեստներու փառատօնին ներկայացուած աշխատանքներուն: Ընդհանուր առմամբ փառատօնին ներկայացուած էր 21 տաղաւար: Յաջորդ կեդրոնը Ռուսթաւելի փողոցն էր. հոն վարչապետը ընտանիքին հետ այցելած է Սուրբ Նշան եկեղեցի, ունկնդրած է երգեհոնի կատարումը, ապա դիտած է եկեղեցիին մօտ «Անի» պարային համոյթին շուրջպարը: Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան միացած են շուրջպարին եւ պարած են հայկական աւանդական երաժշտութեամբ:

Յաջորդիւ վարչապետ Փաշինեան ներկայ  գտնուած է «Կը խօսին Կիւմրիի մեծերը» խորագիրով տօնական ձեռնարկներուն, որոնք կատարուած են Ռուսթաւելի եւ Վարպետաց փողոցներուն մէջ: Նիկոլ Փաշինեան դիտած է բացօթեայ թատերական կարճ ներկայացումները` Մհեր Մկրտչեանի յուշատուն-թանգարանէն ներս` «Ֆրունզը Կը Դիմաւորէ», Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ` «Հիւր Վարպետին» եւ Յովհաննէս Շիրազի թանգարանին մէջ` «Հրաւիրուած է Յովհաննէս Շիրազ» խորագրերու տակ:

Այնուհետեւ վարչապետը ընտանիքին հետ այցելած է Ձիթողցոնց տուն-թանգարան` Կիւմրիի ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարան: Կառավարութեան ղեկավարը շրջած է ցուցասրահները, ծանօթացած է Կիւմրիի առօրեան, մշակոյթն ու պատմութիւնը ներկայացնող ցուցանմուշներուն: Նշուած է, որ թանգարանին մէջ ցուցադրուած են 19-րդ դարու 60-ական թուականներէն մինչեւ 20-րդ դարու 20-ական թուականները ընդգրկող ժամանակահատուածին մէջ Ալեքսանդրապոլի ինքնավարութիւնը, տարածուած արհեստները, հասարակական կենցաղն ու հոգեւոր մշակոյթը ներկայացնող ցուցանմուշներ: Թանգարանը հիմնադրուած է 1984 թուականին եւ կոչուած է նաեւ Ձիթողցոնց տուն-թանգարան, որովհետեւ եղած է Արեւմտեան Հայաստանի Ձիթող գիւղէն գաղթած Ձիթողցեան եղբայրներու առանձնատունը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան եղած են նաեւ քանդակագործ Սերկէյ Մերքուրովիի տուն-թանգարանէն ներս: Շրջայցի ընթացքին անոնք ծանօթացած են թանգարանին մէջ ներկայացուած հաւաքածուին: Ան համալրուած է յայտնի մարդոց` Յովհաննէս Թումանեանի, Խրիմեան Հայրիկի, Լեւ Թոլսթոյի, Վլատիմիր Լենինի, նաեւ խորհրդային գործիչներու դիմաքանդակներով եւ յետմահու դիմակներով: Ընդհանուր առմամբ ցուցադրուած են յետմահու 30 դիմակներ, 13 քանդակներ:

Երեկոյեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած  է «Կիւմրիի օր-2019» տօնական համերգին: