Խորհուրդ Խորին
Մարդկային ընկերութիւնը իր գոյութեան ընթացքին անցած է զանազան յեղաշրջող փուլերէ, մինչեւ որ կազմուած է իր այսօրուան ծանօթ դիմագիծը։ Այդ յեղաշրջումներուն մեծագոյններէն մէկն էր ցանքի գիւտը, որ տնտեսական ապահովութեան հետ բերաւ նաեւ մարդկային մտքի զարգացման մեծ յառաջխաղացք։ Պատահական չէ, որ «մշակոյթ» բառը զանազան լեզուներու մէջ առնչուած է մշակելու արարքին հետ։ Ուրեմն, այս մեծ փոփոխութեան հետ աննախադէպ փուլի մը մէջ մտաւ նաեւ մարդուն հոգեմտաւոր աշխարհը։
Մինչ այդ որսի ու վայրի պտուղներու հաւաքին վրայ վստահած մարդ արարածը խորապէս կը գնահատէր բնութիւնը, մասնաւորաբար կենդանական աշխարհը, որ իրեն կը պարգեւէր իր հանապազօրեայ հացը։ Մարդկային խմբաւորումներ իրենց ինքնութիւնը կը կապէին առաւելաբար այն կենդանիներուն հետ, զորս կ’որսային ու կ’ուտէին, եւ հոնկէ ալ ծնած է թոթէմներու պաշտամունքը։ Թոթէմը ընդհանրապէս կենդանակերպ աստուածութիւն մըն է, զոր կը պաշտէին խումբ մը մարդիկ, հաւատալով թէ իրենք անկէ սերած են։ Քարայրի մէջ ապրող նախամարդոց հոգեւոր ու ընկերային կեանքին մէջ թոթէմները մեծ դեր ունէին։ Աշխարհի չորս կողմը յայտնաբերուած կարգ մը քարայրներու ամենախորունկ բաժիններուն մէջ բացայայտուած են նախնական տաճարներ, աւելի ճիշդը՝ ծիսարաններ, ուր քարայրի բնակիչները կը հաւաքուէին որսէն առաջ ու ետք կատարելու համար իրենց ծէսերը։ Պատերէն ընդհանրապէս կախուած գտնուած են կենդանիներու գանկեր, երբեմն լման կմախք ու խնամքով պահպանուած կաշին կամ մուշտակը։ Իւրաքանչիւր շրջանի մէջ ամէնէն շատ գտնուած ու որսացուած կենդանին է որ կը պաշտէին նախամարդիկ։ Անոնց համար այդ կենդանին բարի ոգի մըն էր, որ անձնազոհութեան միջոցաւ սնունդ կ’ապահովէր մարդ արարածին, եւ այդ պատճառով ալ անոր ոսկորները կը զարդարէին նախնական տաճարը ու կ’արժանային սրբադասումի։ Այսպէս՝ ամբողջ բնութիւնը նախամարդուն համար եղաւ սնունդ պարգեւողը, իսկ աշխարհը՝ դրախտը, ուր առատ են որսի անասուններն ու ծառերու պտուղները: Ծնունդ առաւ բնութեան պաշտամունքը, եւ զարմանալի չէ, որ մինչեւ այսօր, ամէնէն աւելի բնութիւնն ու կենդանական աշխարհը գնահատողները որսորդներն են, որքան ալ տարօրինակ թուի այդ մէկը մեր արդի միտքերուն։ Հոս է, որ առաջին անգամ կը հանդիպինք զոհողութեան գաղափարի մէկ նախնական պատկերին, սակայն ոչ թէ մարդն է որ կը զոհուի, այլ բնութեան մէջ ապրող անասունը՝ ի շահ մարդուն։ Զոհաբերումներ կ’ըլլային գոհացնելու համար բնութեան ոգիները եւ ստանալու անոնց պարգեւները, ձեւով մը զոհաբերումը կաշառք էր գերմարդկային ուժերուն։
Ցանքի գիւտով, ինչպէս նախապէս անդրադարձանք, մարդկային կեանքին մէջ կատարուեցաւ մեծ յեղաշրջում մը։ Նախամարդը սկսաւ լքել քարայրներու մէջի համայնքային կեանքը եւ ապրիլ աւելի փոքր ընտանիքներու դրութեամբ, ինքնիրեն համար կառուցած հիւղակներու եւ ապաստաններու մէջ։ Սակայն ցանքի գիւտը, ընկերայինէն անդին, նաեւ մարդկային մտքի զարգացման առումով մեծ յառաջխաղացք էր։ Մարդ արարածը սորվեցաւ, որ հացահատիկը փոխանակ այսօր ուտելու, կարելի է պահել վաղուան, ցանել եւ շատ հացահատիկներ քաղել. այլ խօսքով՝ այսօրուան պզտիկ հաճոյքը զոհել ի նպաստ վաղուան աւելի մեծ ձեռքբերումին։ Մարդկային մտքին համար մեծ գիւտ մը, որ հետզհետէ զարգանալով պիտի դառնար ապրելաոճի ու հոգեւոր աշխարհի սիւնի։ Այլեւս զոհողութիւնը մարդ ինքն էր որ կ’ընէր, իսկ բարի ոգին կամ աստուածութիւնը որ սկսաւ պաշտուիլ, տարբեր էր հինէն։ Որսի ատեն մենք գիտենք, որ երբ անասունը սպանենք, ան կը մեռնի ու վերջ, սակայն երբ բոյսէն բերք հաւաքենք, երբեմն եթէ նոյնիսկ ամբողջ բոյսը կտրենք ու հատենք, անիկա արմատներէն կամ հունտէն կրկին պիտի աճի եւ կրկին ու կրկին բերք տայ. աստուածութիւն, որ կը մեռնի ու յարութիւն կ’առնէ։
Պատահական չէ, որ աշխարհի չորս կողմը տարբեր ժողովուրդներու մօտ, ցանքի գիւտին վերաբերեալ աւանդութիւնները միշտ ալ կապուած են մահուան հետ։ Ամէնէն ցայտուն օինակը Փոլոնեզիայի ժողովուրդներուն աւանդութիւնն է։ Ըստ անոր, հնագոյն ժամանակներուն, թագաւորի մը գեղեցիկ դուստրը սովորութիւն ունէր իրենց պալատին մօտակայ լճակ մը այցելելու։ Հոն կը հանդիպի վայելչակազմ երիտասարդի մը, որուն հետ կ’ունենայ սիրային յարաբերութիւն։ Զոյգերը ամէն օր կը հանդիպին լիճին մօտ։ Օր մըն ալ երիտասարդը իշխանուհիին կը թելադրէ. «Վաղը վերջին անգամ ըլլալով պիտի այցելեմ քեզի։ Այցելութեան աւարտին զիս պիտի սպանես, գլխատես ու գլուխս թաղես ճիշդ հոն, ուր կը հանդիպինք միշտ»։ Այդպէս ալ կը պատահի։ Իշխանուհին կը կատարէ երիտասարդին թելադրանքը, կը գլխատէ ու գլուխը կը թաղէ։ Ատեն մը ետք, գլուխը թաղուած տեղէն կը բուսնի եգիպտացորենի առաջին բոյսը։ Նմանօրինակ աւանդութիւններ կարելի է գտնել աշխարհի զանազան անկիւններուն։
Եզը, որ կը կապուի արօրին եւ կ’օգնէ մարդուն ցանքի աշխատանքներ կատարելու, հնդեւրոպական ժողովուրդներուն նախասիրած զոհաբերութեան անասունն էր։ Հայաստանի մէջ, հեթանոսական շրջանին, մանաւանդ Անահիտ դիցուհիին կը զոհէին եզներ, որոնք յատկապէս կը պատրաստուէին այդ առիթին համար, իսկ զոհաբերումի օրը անոնց ճակատները կը ներկուէին կարմիր գոյնով եւ եղջիւրները կը զարդարուէին գոյնզգոյն ծաղիկներով։ Նախապէս արդէն խօսած էինք Անահիտի հացահատիկի ցանքին հետ առնչուածութեան մասին։ Իսկ զոհաբերուած եզները, ինչպէս նկատեցիք, զարդարուելով կը ներկայացուէին իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ։ Ընդգծենք զոհաբերութեան ամէնէն կարեւոր խորքերէն մէկը։ Զոհաբերութիւնը ընդունելի ըլլալու համար, պէտք է ներկայացնել զոհերէն լաւագոյնը, առողջն ու կատարեալը. սկզբունք մը, որ մինչեւ օրս տակաւին կայ։ Անահիտին կը զոհէին եզներէն լաւագոյնները, զանոնք զարդարելով, այսինքն՝ հասցնելով կատարեալ վիճակի։ Հարաւային Ամերիկայի մայաներուն մօտ կար ծիսական գնդակի խաղ մը, որ կը նմանէր մեր այսօրուան պասքեթին։ Խաղի աւարտին, դաշտին վրայ, յաղթող խումբին ղեկավարը զոհ կը մատուցուէր պարտուող խումբի ղեկավարին ձեռքով։ Այսօր տարօրինակ կը թուի, թէ փոխանակ գնահատելու, ինչո՞ւ յաղթողը սպանել, ան ալ պարտուողին ձեռքով։ Սակայն առասպելաբանական միտքով, այդ ամէնէն տրամաբանական արարքը կը թուի ըլլալ, մարդը զոհել երբ հասած է փառքի գագաթնակէտին՝ իր ամէնէն կատարեալ վիճակին մէջ։
Զոհաբերումի գաղափարը կատարելագործուած է քրիստոնէական հաւատքին մէջ։ Քրիստոնէութիւնը ամէն բանէ առաջ հիմնուած է իր հիմնադիրին զոհագործութեան վրայ եւ իր հետեւորդներէն կը պահանջուի Քրիստոսէն օրինակ առնելով իրենց կեանքը զոհաբերել յանուն Աստուծոյ։ Քրիստոնեան կը սորվի աշխարհիկ անցողական հաճոյքները զոհել, շահելու համար աւելի մնայունը՝ Երկինքի Արքայութիւնը. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. եթէ ցորենի հատիկը հողի մէջ իյնալով չմեռնի, միայն հատիկը ինքը կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի, բազում արդիւնք կու տայ: Ան որ կը սիրէ իր անձը, կը կորսնցնէ զայն, իսկ ան որ այս աշխարհին մէջ իր անձը կ’ատէ, զայն կը պահէ յաւիտենական կեանքի համար» (Յովհ. 12։24-25): Ահա եւ հացահատիկի ցանքով բերուած օրինակ մը, որ կ’ամփոփէ քրիստոնէական ապրելակերպը։ Աւելին՝ քրիստոնեայէն կը պահանջուի ըլլալ կատարեալ, իր սրբութեամբ, վարք ու բարքով, կատարեալ՝ Քրիստոսի պէս, որովհետեւ միայն կատարեալ զոհն է, որ ընդունելի է Աստուծոյ համար։ Ահա՛ այս է Ս. Պատարագի խորհուրդը, որուն ընթացքին պատարագիչ քահանան խորհրդանշական ձեւով կը վերամարմնաւորէ Քրիստոսի զոհագործումը, հացն ու գինին (երկուքն ալ ցանքի արտադրանք) կը վերածուին Յիսուսի մարմինին ու արիւնին եւ աւարտին՝ ներկաները կը հաղորդուին հոգեցունց այդ խորհուրդով։
Հայութեան համար, իբրեւ ազգ, օտար չեն այս գաղափարները։ Մեր երկիրը, գտնուելով աշխարհաքաղաքական զգայուն դիրքի վրայ, բնաւ մեզի չէ պարգեւած խաղաղութիւն։ Դարեր շարունակ, ստիպուած եղած ենք զոհուելու յանուն հայրենիքի ու ազգի ապագային, եւ միշտ ալ զոհուած են մեր երիտասարդութեան լաւագոյնները։ Աւարայրէն մինչեւ Սարդարապատ, Շուշի ու Հալէպ, ունեցած ենք ինքնազոհութեան այնպիսի օրինակներ, որոնք առասպելականանալու արժանի են։ «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» նշանաբանը մարմնաւորող անձը վերատեսութեան չ’ենթարկուիր, ինչպէս որ կասկածի չեն ենթարկուիր մեր նորագոյն պատմութիւնը կերտող անձնազոհ երիտասարդներուն արարքները։ Անոնք առաւել արժէքաւոր զոհեր են քան մայաներու խաղին զոհը, մատուցուած ազգի ապագայի զոհասեղանին։ Անոնք իսկական պատարագեալներ են, հաղորդակից ամէնէն մեծ խորհուրդին՝ անձնազոհութեան, որովհետեւ. «Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որմով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (Յվհ 15.13)։
Յուշիկ Ղազարեան