Հասարակութեան համար դպրոցը կը հանդիսանայ դաստիարակչական իրաւ եւ վաւերական միակ հիմնարկը։ Քանի՝ ամէն ոք որ կ’ուսուցանէ դպրոցէն ներս կը կատարէ շատ աւելին քան վարժեցումը կամ ծանօթութեանց ու գիտութեանց մատակարարումը, յատկապէս երբ ան ուսանողին հետ կը վարուի իբրեւ բանականութեան եւ ուրոյն անհատականութեան տէր հրաշալի էակ եւ ոչ՝ որպէս մեքենայ։ Ուսուցանելով մենք ինքնաբերաբար նաեւ կը դաստիարակենք, եթէ նոյնիսկ այդ մէկին հետամուտ չըլլանք կամ այդ ուղղութեամբ ծրագրուած աշխատանք չտանինք։
Ուսուցումը իր մէջ կը պարփակէ դաստիարակիչ ուժ, անշուշտ անկախ բոլոր այն միջոցառումներէն, որոնց շնորհիւ հանրակրթական վարժարաններէն ներս անմիջականօրէն կը հաստատուի աշակերտներու կարգապահութիւնը, նաեւ անկախ այն զօրաւոր, որոշիչ, անջնջելի ու երբեմն մոգական ազդեցութենէն, որ մեծահասակ դաստիարակ-ուսուցիչը կը թողու մատղաշ երեխային վրայ։
Յիրաւի՝ որքան ճիշդ կ’ուսուցանենք այնքան լաւ կը դաստիարակենք։ Աշակերտին դաստիարակութիւնը կը կազմէ դպրոցին հիմնահարցն ու ողջ գործունէութեան առանցքը։ Այսպէս՝ դպրոցի կոչման համար, ինչպէս մարդկային, նոյնպէս եւ քաղաքացիական կոչման համարևմանաւանդ որ անոնք անխզելիօրէն առնչուած են իրարուև դաստիարակութիւնը կը մնայ առաջնահերթ առաքելութիւն։
Այսօր, կրթական ասպարէզէն ներս արհեստական բաժանումները վերացած են ընդմիշտ, ու կարելի չէ խօսիլ բաժանումներու գոյութեան մասին։
Դպրոցի գերագոյն բաղձանքն է հասնիլ ազնուագոյն եւ վսեմագոյն հեռանկարներու իրագործման։ Ու այդ առումով հասարակական ուրիշ ոչ մէկ հիմնարկ կրնայ մրցիլ կամ բաղդատուիլ անոր հետ։ Ուսման ճամբով դպրոցը անսասան հիմքեր կը խարսխէ եւ յարատեւօրէն զարգացող ընթացքով կը գործէ։ Դաստիարակութիւնը կը կազմէ ուսումնակրթական գործունէութեան ամբողջութիւնը, իսկ ուսուցումը անբաժան մէկ մասնիկն է ու ենթական անոր, այսինքն դաստիարակութեան մէկ ճիւղը, որ կը բովանդակէ այդ ամբողջութեան կեանքը։
Ուսուցումը կը զբաղի մտաւոր դաստիարակութեամբ (պատկերացումներու եւ հասկացողութեանց, մտքերու եւ գաղափարներու, գիտելիքներու եւ ըմբռնողութեանց զարգացմամբ), ուսանողը հաղորդակից դարձնելու այն մեծ գանձին, որուն տիրացումը մարդս կը դարձնէ իրաւ մարդ։
Բնականաբար՝ առաքինութիւններու եւ բարոյական դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնն ու բարիքները կարելի չէ թերագնահատել, ինչպէս եւ անհնար է զանոնք բարձրօրէն չդասել։ Այսուհանդերձ՝ առանց մտքի մշակման բարոյական առաքինութիւնները անբաւարար ու անզօր կը մնան։ Օրինակ՝ անասունն ալ կրնայ ընտանի, հաւատարիմ, երախտապարտ, սիրող, բարի եւ օժանդակող ըլլալ, սակայն մտածել՝ երբեք. այդ մէկը վերապահուած է միայն մարդուն։
Երեխան մտածել կը սորվի դպրոցէն ներս։ Այստեղ է, որ մարդու ուղեղը կը հարստանայ ճշգրիտ եւ առողջ մտածումներով, կը դառնայ կարգապահ եւ կը մղուի կազմակերպ գործունէութեան։ Մարդկային սիրտն ու կամքը կը ղեկավարուին միտքով։ Այլ խօսքով՝ ուսուցման սկզբունքը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է եւ դարձած դաստիարակութեան մեկնակէտ, նաեւ ընդհակառակը։ Ուսուցումը կիրառական մանկավարժութիւն կը համարուի աւանդուող դասանիւթի նկատմամբ։
Դաստիարակութեան գործը աւարտած պէտք է նկատել այն ատեն, երբ ուսանողը ինքնուսուցման ունակութիւն եւ կարողականութիւն ձեռք ձգած է, ու մտադիր է ազատօրէն շարունակելու իր դաստիարակութիւնը։
Նոյն ատեն՝ ուսուցիչը իր պարտականութիւնը յաջողութեամբ կատարած կ’ըլլայ երբ աշակերտը կը տիրանայ բաւականաչափ ուսման եւ կը ցանկայ իր անձնական կրթութիւնը ամբողջացնել ինքնակամօրէն։
Ուսուցանել՝ միանգամայն կը նշանակէ դաստիարակել։ Եւ իսկական առողջ ուսուցումը ինքնին դաստիարակիչ ուսուցումն է։
Ուսուցումը ուղղուած է մտածողութեան, իսկ դաստիարակութիւնը կենցաղին եւ գործունէութեան։ Սակայն պէտք չէ մոռնալ որ մտածողութիւնը եւս գործունէութիւն մըն է, բանականութեան ճշմարիտ եւ կենդանի աշխատանքը։
Անաղարտ, սոսկական դաստիարակութիւնը կը նկրտի մարդ էակը կերտել այնպէս ինչպէս ինք ճիշդ կը կարծէ, մինչ ուսուցանող դաստիարակութիւնը կը ջանայ լուսաւորել ուսանողին միտքը, կլանել անոր էութիւնը, աւելին՝ այնպէս մը տրամադրել եւ ուղղել զայն, որ ըմբռնէ դաստիարակութեան իրաւ արժէքն ու նպատակը, ապա՝ կամաւոր կերպով եւ ինքնաշխատութեամբ ձգտի տիրանալ անոր։ Անաղարտ ուսուցումը կ’աշխատի վարժութիւններ փոխանցել եւ գիտելիքներ ջամբել մարդուն, դաստիարակիչ ուսուցումը կը միտի դրդել ուսանողը, գրգիռ արթնցնել անոր մօտ ու մղել զայն՝ որպէսզի շարունակ ճգնի եւ իւրացնէ իրեն տրամադրելի ծանօթութիւնները, ճշմարտութիւնները, հասկացութիւններն ու գաղափարները։ Անաղարտ ուսուցման կամ անաղարտ դաստիարակութեան համար մարդը պարզապէս պատրաստուող իր է՝ կաղապար, ուսուցանող դաստիարակութեան համար ուսանողը ստեղծագործ էակ մըն է՝ որ ինքնուրոյն, բնական եւ ինքնակերտ անձնաւորութեան մը պէտք է վերածուի։
Պարզ է ուրեմն՝ որ դաստիարակութիւնը ուսուցում է եւ ուսուցումը դաստիարակութիւն։ Եւ ինչպէս մարդը մէկ է, այնպէս ալ անոր վերաբերող կամ լծակից ամբողջ գործունէութիւնը մէկ եւ անքակտելի միասնութիւն կը կազմէ։ Այս միասնութիւնը կարելի է մասնատման ենթարկել միայն տեսականօրէն (օրինակ՝ երբ կը փորձենք մարդու ընդհանրական ընդունակութիւնը բաժնել մտքի, զգացումի, կամքի եւ այլ բազում ընդունակութիւններու)։
Համակողմանիօրէն մշակուած մարդուն մէջ կը գոյանայ բազմատեսակ ընդունակութիւններու եւ հոգեկան պաշտօնագործութիւններու ներդաշնակութիւն։ Նմանօրինակ իտէալ ներդաշնակութեան ընձեռման պարագային, այդ զարգացած մարդը կը մտածէ այն բաներու մասին, զորս կը զգայ ու կը պահանջէ, միաժամանակ կը զգայ այն, ինչ որ կը մտածէ ու կը պահանջէ, առաւել՝ կը պահանջէ այն, ինչ որ կը զգայ ու կը մտածէ։ Անտարակոյս՝ ուսման եւ դաստիարակութեան հեռագոյն նպատակադրումը կը կայանայ վերոյիշեալ կատարելատիպ կացութեան (այսինքն՝ տարբեր ընդունակութիւններու գերագոյն միասնութեան) ստեղծման մէջ։ Սոյն բարձրակէտ տեսլականի նուաճումը անառարկելիօրէն կը կազմէ դպրոցի ամենաբուռն տենչանքը։ Եւ իրողապէս ասկէ աւելին կարելի չէ պահանջել կամ ակնկալել դպրոցէն, որովհետեւ ուսումնարանի մը նախապատիւ եւ գլխաւոր պարտականութիւնն է աշակերտը առաջնորդել մինչեւ ուսուցողական արդիւնարար փուլին աւարտը, այլ բացատրութեամբ՝ մինչեւ անհրաժեշտ այն պահը, երբ ան (այդ աշակերտը) վերջնականապէս ա՛լ կը կորսնցնէ իր ընդունակութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսումն ու դաստիարակութիւնը լրիւ աւարտելու ըղձանքն ու կիրքը։
Խաչիկ Շահինեան