Եկեղեցւոյ բարեզարդման նպաստող գործերը աստուածահաճոյ են:
Հալէպի Հայ Առաքելական եկեղեցիներու ընդհանուր կամ մասնակի վերանորոգութեան աշխատանքները յոյս ներշնչող երեւոյթ են: Այս իրողութեան խօսուն օրինակն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ընթացք առած նորոգութեան գործերը, որոնք արտայայտիչն են ապրելու կամքին, ու մանաւանդ առաքեալին բառերով “սիրով գործի դրուած հաւատքին”:
Արդարեւ, Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ`ունենայ շինարարական գործընթաց, որ հիմնական կերպով կ`ընդգրկէ Նստարաններ նորոգելու եւ պատերը ներկելու ծրագիր: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իրազեկ կը դառնայ իրավիճակին` գնահատելով եւ խրախուսելով Ազգ.Վարչութեան ժողովին եւ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին հետեւողական ճիգերը:
“Թագաւոր երկնաւոր զեկեղեցի քո անշարժ պահեա”: