«Երկիր».-Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ 1 Հոկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան հանդիպում  ունեցած է ԱՄՆ Քոնկրեսի անդամ Ֆրենք Փալօնի հետ,

Արտաքին գործոց նախարարը բարձրօրէն գնահատած է քոնկրեսական Փալօնի հետեւողական ջանքերն ու նախաձեռնութիւնները` ուղղուած ԱՄՆ Քոնկրեսի մէջ Արցախի շահերուն յառաջ մղման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի մէջ կայունութեան հաստատման ու ամրապնդման:

Հանդիպումին անդրադարձ  կատարուած է տարբեր մակարդակներով Արցախի եւ ԱՄՆ միջեւ յարաբերութիւններուն ու անոնց զարգացման հեռանկարներուն: Մասիս Մայիլեան շեշտած է, որ Արցախի միջազգային գործակցութեան բնագաւառէն ներս ամերիկեան ուղղութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ` նկատի առնելով հայկական սփիւռքի ներուժը եւ ԱՄՆ-ի հետ հաստատուած բարեկամական կապերը: Կողմերը կարեւոր համարած են շարունակական ջանքերու անհրաժեշտութիւնը` ամրապնդելու եւ ընդլայնելու գործակցութիւնը Արցախի եւ ԱՄՆ քոյր քաղաքներու միջեւ, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ ԱՄՆ նահանգներու հետ, որոնց օրէնսդիր մարմինները ընդունած են հանրապետութեան անկախութեան սատարող բանաձեւեր:

Քոնկրեսական Փալօնի խնդրանքով Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլը եւ Արցախի ու Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակը: Այնուհետեւ անդրադարձ  կատարուած է շփման գիծին վրայ ատրպէյճանական կողմին նախաձեռնած վերջին սադրանքներուն: Կողմերուն գնահատումով` յիշուած միջադէպերը անգամ մը եւս ցոյց կու տան հրադադարի վարչակարգի վերահսկման միջազգային համակարգի ներդրումին հրատապութիւնը: