ՀՀ վարչապետի լրատուութեան բաժինէն կը տեղեկացնեն, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 3 Հոկտեմբերին ընդունած է ԱՄՆ քոնկրեսական Ֆրանք Փալօն: Վարչապետը ողջունած է քոնկրեսականի այցելութիւնը Հայաստան եւ Արցախ ու վստահեցուցած, որ այս այցելութիւնը աւելի պիտի ամրապնդէ պարոն Փալօնի կապը հայ ժողովուրդի հետ: Կառավարութեան ղեկավարը բարձրօրէն գնահատած է քոնկրեսականի գործունէութիւնը հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման, հայկական հիմնահարցերու գործին մէջ: Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ Քալիֆորնիա կատարած իր այցելութեան եւ վստահութիւն յայտնած է, որ նոր թափ պիտի հաղորդէ մեր երկրի եւ ԱՄՆ խոշորագոյն նահանգներէն մէկուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան ընդլայնման:
Քոնկրեսական Փալօն յայտնած է, որ տպաւորուած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեամբ եւ մեր երկրին մէջ ընթացող ժողովրդավարական գործընթացներով: Ան շեշտած է, որ պիտի շարունակէ աշխոյժ ջանքերը երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու, Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին իր գործունէութեամբ աջակցելու համար:
Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են ՀՀ կառավարութեան բարեփոխումներու հաւակնոտ օրակարգին, անոր իրականացման գործին մէջ ԱՄՆ կառավարութեան հետ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն: