Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը խստիւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ զօրքերու ներխուժումը Սուրիա եւ միջազգային հանրութեան կոչ կ’ուղղէ զսպելու Թուրքիան:
Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի համանախագահներ Հրակ Տարագճեանի եւ Շահէն Միրաքեանի խօսքերուն համաձայն, ԱՄՆ իր զօրքերը Սուրիայէն դուրս բերելու որոշումով լքած է տարածաշրջանի իր դաշնակիցները, ինչպէս նաեւ յարանուանական փոքրամասնութիւնները՝ հայերը, որոնք դարեր շարունակ Սուրիան իրենց տունը համարած են:
«էրտողանին կարելի չէ վստահիլ, եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է քայլեր ձեռնարկէ», ըսած է Միրաքեան: