Երկու տարի առաջ Հայ Եկեղեցւոյ մասին անգլերէն գրուած Վեհափառ Հայրապետին գիրքը, օրերս թարգմանուեցաւ եւ լոյս տեսաւ ռուսերէնով: Անգլերէնէ ռուսերէնի թարգմանիչն է Լիլիթ Աղէկեան, իսկ հրատարակութեան մեկենասներն են Կերի եւ Ճենիս Արուանիկեանները:

Յայտնենք, որ նոյն գիրքը արդէն իսկ թարգմանուած է պարսկերէնի, գերմաներէնի, ֆրանսերէնի ու արաբերէնի: Այլ լեզուի թարգմանութիւններ ընթացքի մէջ են: