Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները 3 Դեկտեմբերին`Երեքշաբթի օր, ժամը 15:00-ին Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան շէնքի դիմաց պիտի սպասեն ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին:

Հանդիպումին մասին «Փաստինֆօ»ին յայտնեց ՀՅԴ ԵՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան:

Երբ հարց տրուեցաւ, թէ Արայիկ Յարութիւնեանին հետ հանդիպումին համար համաձայնութիւն կա՞յ, ՀՅԴ ԵՄ վարչութեան անդամը պատասխանեց. «Համաձայնութիւն չունինք, հանդիպումին առաջարկը հրապարակային էր եւ նախարարութեան կողմէն մեր առաջարկին պատասխան այս պահուն չենք  ակնկալեր, հանդիպման օրն ու ժամը նշանակած ենք, կը կարծենք, որ այդ օրը պատասխանը կը տրուի»:

Սոնա Գէորգեան