Հովանաւորութեամբ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քուէյթի «Քրիստափոր» երիտասարդական եւ «Հ. Դժոխք» պատանեկան միութիւններուն, ուրբաթ, 29 Նոյեմբեր 2019-ին քուէյթահայութիւնը հանդիսաւոր կերպով յիշատակեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 129-ամեակը` «Արի՛ք միանանք, յառաջ գնանք» կարգախօսով:
Հանդիսութիւնը կը գլխաւորէր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ներկայ էին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանը, Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանը, Հայաստանի հիւպատոս Վարդգէս Յովսէփեանը, Քույէթի ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, քուէյթահայեր, երիտասարդներ ու պատանիներ:
Օրուան յայտագիրի բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ տարազաւորներու հանդիսաւոր տողանցքով, ուր հնչեցին Քուէյթի, Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգները` պատանեկան երգչախումբի երգեցողութեամբ:
Օրուան բեմավար Ճորճ Արապաթլեան իր բացման խօսքին մէջ այդ օրը նկատեց հաշուետուութեան ու ուխտի վերանորոգման օր, ապա անդրադառնալով ՀՅԴ-ի ծաւալած 129-ամեայ գործունէութեան` ըսաւ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ծննդեան օրէն իսկ ֆետայիին զէնքով, մտաւորականին գրիչով ու ռանչպարին բահով ծառայեց հայ ազգին ու հայրենիքին: Անոր մտահոգութեան առանցքը եղաւ հայ ազգին արժանավայել գոյատեւումը` իր իսկ հողին վրայ: Հարենիքի մէջ թէ անկէ դուրս` ամենատարբեր եղանակներով աշխատեցաւ, որ հայ մարդը երբեք չկորսնցնէ իր ազգային ինքնութիւնը. պահպանէ հայոց լեզուն, պատմութիւնը, հաւատքն ու մշակոյթը, ինչպէս նաեւ` ընտանեկան սրբութիւնն ու աւանդական բարքերը»:
Ապա յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ պատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Ժաննա Սերոբեանի:
Այս առթիւ ՀՅԴ Քուէյթի պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Ներսէս Սարգիսեանը ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ տարեդարձները նաեւ առիթ են մեր անցեալի եւ ներկայի արժէքներու մասին խորհրդածելու, զանոնք ոգեկոչելու եւ մեր համեստ տուրքը տալու ՀՅԴ-ի վաստակին:
«129 տարիներու կենսափորձով Դաշնակցութիւնը ստեղծեց ինքնուրոյն եւ հայ ազգի էութիւնը արտացոլացնող արժեհամակարգ, գաղափարախօսութիւն, որուն հիմնական առանցքները եղան` ազգային արժէքները, ընկերային արդարութիւնը, հայրենիքի եւ պետականութեան գաղափարները, ժողովրդավարութիւնն ու յեղափոխութիւնը` յանուն ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման իր ծրագրային նպատակին», յայտնեց ան:
Ապա Կիլտա Իյճեանը ներկայացուց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան» բանաստեղծութենէն հատուած մը:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն` մենք չենք կրնար վհատիլ, իրաւունք չունինք յուսահատելու: «Որպէս ղեկավարութիւն` մեր պարտականութիւնն է պահել լաւատեսութիւնը եւ վճռակամութիւնը` յառաջ նայելու, կառուցողական լուծումներ գտնելու եւ վստահութիւն ներշնչելու մեր երիտասարդութեան, որպէսզի պայքարը անխափան շարունակուի, եւ անոնց կիզակէտը միշտ դառնայ հայրենիքը:
«Ուստի, պարտինք մեր բոլոր իրագործումները կատարել ազգովին եւ միացեալ ուժերով բազմապատկել զանոնք, ստեղծել ազգային օրակարգ, որպէսզի հայրենի պետականութիւնը պինդ ու ծաղկուն պահենք: Ամէն ջանք թափենք, որ արեան գնով ձեռք բերուած արցախեան յաղթանակը միջազգայնօրէն ամրագրուի մինչեւ անոր միացումը Հայաստանին: Օժանդակենք ջաւախահայութեան` իրենց մարդկային ու ազգային փոքրամասնական իրաւունքներու պաշպանութեան պայքարին մէջ: Իսկ սփիւռքի հայութեան հաղորդենք նոր կենսունակութիւն եւ հայակերտման մեր գործին նոր թափ եւ վճռակամութիւն տանք:
«Պարտինք ազգովին բռնցքուիլ, որպէսզի անխաթար պահենք կազմակերպուած հայու կերպարը` յանդուգն, ուղղամիտ, արդիական, յառաջդիմական եւ մանաւանդ` իր Դատին աներեր կառչած», շեշտեց ան:
Ապա Սարգիս Կիրակոսեանի «Օրհներգ մերօրեայ ասպետներուն» քերթուածը մատուցեց Մարիա Սարգիսեանը:
Հայրենասիրական ճոխ երգացանկով ելոյթ ունեցան այս առիթով յատուկ հրաւիրուած հայրենի երգչուհի Նարէ Գէորգեանն ու յեղափոխական երգերու լիբանանահայ մեկնաբան Վիգէն Տիշչէքէնեանը` ընկերակցութեամբ «Արազ» նուագախումբին:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, որ անդրադառնալով օրուան խորհուրդին` ըսաւ. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաքելութեան առանցքը կը կազմէ ազգային արժէքներու պահպանումը, Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցի սատարումն ու զանոնք զօրացնելու նպատակադրումը: Քուէյթի հայ գաղութը իր եկեղեցիով ու դպրոցով տասնամեակներ շարունակ վայելած է եւ մինչեւ օրս կը վայելէ այս կազմակերպութեան գուրգուրանքը: Ա՛յս եղած է Դաշնակցութեան սրբազան առաքելութիւնը ամէնուրեք: Հետեւաբար ոչ մէկուն խորթ թող թուի, երբ այսօր դաշնակցական երիտասարդներ իրենց բողոքի ձայնը կը բարձրացնեն յանուն ազգային արժէքներու պահպանման` մերժելով որեւէ նահանջ հայոց լեզուի եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ուսուցման գործընթացին մէջ, որովհետեւ անոնք դաստիարակուած են այդ արժէքներով: Անոնք քաջ կը գիտակցին, որ ինչպէս հայրենիքի, այդպէս ալ սփիւռքի ողջ տարածքին ազգային այդ արժէքներն են, որոնք մեզ հայ պահած են ու պաշտպանած` օտարանալու կամ ապազգայնանալու վտանգէն»: