«Ապառաժ».-12 Դեկտեմբերին Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի մասնաճիւղի կողմէ «լաւագոյն ուսանող» ծրագիրով պարգեւատրուած են 18 ուսանողներ: Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորի կողմէն 20 տարիէն աւելի գործող ծրագիրով Արցախի պետական եւ Շուշիի ճարտարագիտական համալսարաններուն մէջ 18 ուսանողներ արժանացած են գնահատագիրի եւ 100-ական ԱՄՆ տոլար խրախուսական պարգեւի: «Լաւագոյն ուսանող» ծրագիրը կ’իրականացնէ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը:
ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Արմինէ Յարութիւնեանի խօսքին համաձայն, ուսանողներու մէկ մասին ներկայացուցած են Արցախի Պետական եւ Շուշիի ճարտարագիտական համալսարաններէն, իսկ միւս մասը ուղղակի դիմած են ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութեան: «Ծրագիրէն կրնան օգտուիլ երկրորդ եւ բարձր կարգի ուսանողները: Ճիշդ է, ծրագիրը խրախուսելու միջոց է, ոչ թէ նիւթապէս օգնելու, բայց դիմումներու քննարկման ընթացքին նկատի կ’առնենք նաեւ ուսանողի ընտանիքի ընկերային պայմանները, բնակութեան վայրը», յայտնած է Արմինէ Յարութիւնեան:
ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութեան անդամ, Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան փոխնախարար Մելանեա Բալայեան յոյս յայտնած է, որ «լաւագոյն ուսանող» ծրագիրը աւելի պիտի պարտաւորեցն ուսանողները շատ աշխատելու, ուսման մէջ յառաջադիմելու համար: