«Ասպարէզ».- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ շրջանի կառավարական հարցերու վարիչ նշանակած է Արսէն Շիրվանեան։
«Ուրախ ենք, որ Արսէն Շիրվանեան կը միանայ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմին։ Համայնքի մէջ իր տասնամեայ սպասարկութիւնները, քաղաքական ոլորտին իր հարուստ փորձառութիւնը եւ ուսումնական պատրաստութիւնը զինք կը դարձնեն կառավարական հարցերու վարիչի պաշտօնի լաւագոյն թեկնածուն», կը յայտնէ Ա-րեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ՝ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Արսէն Շիրվանեան պիտի ստանձնէ շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին օրէնսդրական ռազմավարութեան գործադրութեան պատասխանատուութիւնը, միաժամանակ յարաբերութիւններ մշակելով տեղական եւ շրջանային պաշտօնատարներու հետ։ Ան նաեւ յատուկ ուշադրութեան տակ պիտի պահէ քուէարկողներ արձանագրելու «Հայ Վոթց» արշաւը եւ Միացեալ Նահանգներու 2020ի մարդահամարին վերաբերող աշխատանքը։
«Խանդավառ եմ, որ մաս կը կազմեմ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմին եւ կը յուսամ լումաս բերել Հայ Դատի մէկ դարեայ պայքարին, նորանոր իրագործումներու հասնելով», կը յայտնէ Արսէն Շիրվանեան։
Արսէն Շիրվանեան նախապէս մաս կազմած է զանազան ընտրապայքարներու եւ աշխատած է զանազան հաստատութիւններու ծրագիրներուն վրայ, ինչպէս նաեւ վարժողական ծրագիրներու մասնակցած է Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի եւ ծերակուտական Պարպարա Պաքսըրի գրասենակներուն մէջ։
Շիրվանեան պսակաւոր արուեստից վկայականը ստանձնած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղէն, իսկ ներկայիս մագիստրոսի տիտղոսի թեկնածու է կառավարական հարցերու մասնագիտութեան մէջ, «Ճանզ Հափքինսըզ» համալսարանին մէջ։