Հրանդ Տինքի սպանութեան 13-րդ տարելիցի ոգեկոչական ցոյցերուն մասին france-24 լրատուամիջոցը հրատարակած է հետեւեալ յօդուածը.
Հարիւրաւոր ցուցարարներ Կիրակի, 19 Յունուարին հաւաքուեցան Իսթանպուլի մէջ, «Ակօս» թերթի խմբագրատան դիմաց, ուր 13 տարի առաջ սպանուեցաւ թրքահայ լրագրող Հրանդ Տինք, որուն սպանութիւնը ատենին բողոքի ալիքներ բարձրացուց երկրին մէջ։
Տինք սպանուեցաւ գլխուն արձակուած երկու փամփուշտով, Իսթանպուլի կեդրոնը, ցերեկին, 19 Յունուար 2007-ին, 17-ամեայ դպրոցը լքած պատանիի մը ձեռամբ։
52-ամեայ Տինք խմբագիրն էր թրքահայ երկլեզու «Ակօս» շաբաթաթերթին եւ կը նկատուէր հայ-թրքական հաշտութեան ռահվիրայ։ Անոր սպանութիւնը լայնատարած աղմուկ բարձրացուց, յատկապէս երբ բացայայտուեցաւ, որ ոստիկանութիւնը արդէն տեղեակ էր սպանութեան դաւադրութենէն, սակայն չէր կրցած պաշտպանել զոհը։
«Հրանդին համար, արդարութեան համար» բացագանչեցին ցուցարարները Իսթանպուլի մէջ, աւելցնելով՝ «Մենք չենք մոռցած ու պիտի չմոռնանք»։ «Ակօս»ի խմբագրատան շէնքին վրայ կախուած էր Հրանդ Տինքին հսկայ պատկերը, որուն քով զետեղուած էին սպանութիւնը դատապարտող նախադասութիւններ, ինչպէս՝ «Երբեք ուշ չէ ամօթը զգալու», կամ՝ «Դատը պիտի չաւարտի, մինչեւ մե՛նք որոշենք»։
Հաքքան, ցուցարարներէն մին, ափսոսանքով յիշեց, որ Տինքի սպանութեան դատը 13 տարիէ ի վեր կախեալ կը մնայ։ «Հրանդը սպանուած է 13 տարի առաջ եւ 13 տարի անոր դատը տակաւին մութի մէջ կը մնայ», ըսած է ան AFP լրատուական գործակալութեան, աւելցնելով՝ «Մենք պիտի շարունակենք հետապնդել Հրանդին սպանութեան դատը, որքան ալ զայն մութի մէջ պահել փորձեն։ Իբրեւ Հրանդին եղբայրները, պիտի շարունակենք պահանջել»։ Այլախոհ Սայիտ Տողան ըսաւ. «Երկիրին մէջ կան դատարաններ, սակայն չկայ արդարութիւն»։
Թրքական ոստիկանութիւնը խստացուցած էր հսկողութիւնը, փակելով այն փողոցը, ուր տեղի ունեցան ցոյցը եւ ոգեկոչման արարողութիւնը։ Արարողութեան աւարտին, մասնակիցները մեխակներ զետեղեցին այն մայթին վրայ, ուր սպանուած էր Տինք։
«Երազներդ ու Յոյսերդ Մեր Ժառանգութիւնն են» վերնագիրով լոյս տեսաւ «Ակօս» թերթի Տինքի սպանութեան 13-րդ տարելիցին նուիրուած թիւը, ուր հրատարակուեցան նաեւ նամակներ թուրք գործարար, այլախոհ Օսման Քաւալայէն, գրագէտ Ահմէտ Ալթանէն եւ քիւրտ քաղաքական գործիչ Սալահըտտին Տեմիրթաշէն։ Երեքն ալ ներկայիս բանտարկուած են։ Անոնք չեն զլացած իրենց ներդրումը բերելու Տինքի յիշատակին։
«Ես եւ ինծի պէս անարդարօրէն բանտարկուածները, մեր ազատութիւնը կորսնցուցինք առժամաբար, բայց Հրանդ կորսնցուց իր կեանքը, իր գաղափարներուն մասին գրելուն պատճառով», արձանագրած էր Քաւալա իր նամակին մէջ, աւելցնելով՝ «Առանձին թէ հաւաքաբար, պիտի շարունակենք պահանջել արդարութիւն՝ Հրանդին համար, այս երկրին մէջ սպանուած բոլոր պատուաւոր քաղաքացիներուն համար, բոլորի՛ն համար»։ 
Քաւալա անուանի մտաւորական եւ գործարար մըն է, որ ձերբակալուած է կառավարութիւնը տապալել փորձելու ամբաստանութեամբ։ Ան ատենապետն է «Անաթոլիս Քիւլթիւր» մշակութային հիմնադրամին, որուն հիմնական նպատակն է կամուրջնել հաստատել շրջանի ազգային ու կրօնական զանազան խմբաւորումներուն, ներառեալ Հայաստանի հետ։ Ալթան ամբաստանուած է 2016-ի յեղաշրջումի կարգ մը դաւադիր անձնաւորութիւններու հետ առնչութիւն ունենալով։ «Գաղտնի սենեակներու մէջ հաւաքուող կարգ մը անձնաւորութիւններ որոշեցին, որ ան (Հրանդ Տինք) «յանցաւոր» էր։ Հրանդին առաջին ու ամենամեծ յանցանքն էր Թուրքիոյ ուշադրութեան յանձնելը, որ հայերն ալ մարդիկ են եւ երկու ազգերը պէտք է զիրար ընդունին», ըսած է ան։